Արցախ. Նախագահ Սահակեան Եւ Քասփրչիք Քննարկեցին Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Բանակցային Հոլովոյթը

180314KasprzykԱրցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող բազմաթիւ հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES