Մամետեարով. «Լա Հէյի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը»
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի հանդիպին Լա Հէյի մէջ:
Ըստ «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Լա Հէյի մէջ 24-25 մարտին նախատեսուած Հիւլէական անվտանգութեան հարցերով խորհրդաժողովին ընթացքին:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը շրջան պիտի այցելէ ապրիլին:
«Մենք չենք կրնար յաւերժ բանակցիլ, պէտք է սկսիլ խաղաղութեան մեծ համաձայնագիրի շուրջ քննարկումին», ըսած է Մամետեարով:
CATEGORIES Հայկական

