Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Բազմազբաղ էք, հետեւաբար յոգնած, գերճնշուած եւ հեւքոտ: Ձգեցէք ամէն ինչ եւ միացէք զուարթ բարեկամներու, որպէսզի հանգստանաք: Չափաւոր եղէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ամուսնական կամ ընտանեկան հարցով մը դադրեցուցած էիք երկխօսութիւնը, վերսկսեցէք, որպէսզի զիրար լաւ հասկնաք եւ խաղաղ մնաք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Քիչ մը նորութիւն բերէք ձեր առօրեային, միօրինակ մի՛ ըլլաք, որպէսզի կարենաք հաճելին միացնել օգտակարին: Օրը պիտի անցնի հանդարտ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շաբաթական երկու ժամ եթէ տրամադրէք մարզանքի, ասիկա պիտի ըլլայ լաւ սկիզբ մը վարժութիւն ձեռք ձգելու եւ յարատեւելու մարզանք կատարելու մէջ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանեկան յարաբերութիւնը լարուած է,  պաշտպանեցէք ձեր իրաւունքը: Մի՛ փորձէք նոր կարգադրութիւններով բան մը փոխել կացութենէն: Համբերեցէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր տեսակէտին վրայ մնացէք ամուր եւ հաստատ: Պիտի կարենաք ունենալ ինչ բան որ կ՛ուզէք: Օրը նպաստաւոր  է ձեզի համար, ուրախացէք ընկերներով:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շատ բան մի՛ սպասէք ձեր աշխատանքէն, ոչինչ պարտադրեցէք, թոյլ տուէք որ օրուան կշռոյթը հաստատուի ինքնաբերաբար: Ոչինչ հետապնդեցէք այսօր:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նայուածքները չեն խաբեր, կը սիրէք հաճոյանալ խօսքով կամ ֆիզիքական ձեւակերպումներով: Օրը հաճելի ընթացք մը պիտի ունենայ: Մնացէք նոյնը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք ձեր կերած խմածին: Հեռու մնացէք իւղոտ պարարտ ճաշերէ: Ձեր մարմինը պէտք ունի թեթեւ սնունդի, հետեւաբար պահեցէք ձեր առողջութիւնը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ցրուած կ՛աշխատիք, նոյն ատեն ամէն տեսակ գործ մի՛ կատարէք: Ձեր կարողութենէն աւելի մի՛ ընէք: Չափազանցութիւնը վնասակար հետեւանք կ՛ունենայ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ժամանակ տրամադրեցէք մտածելու ձեր ապագային մասին: Ոչինչ կայ աճապարանքի: Խոհեմութեամբ եւ իմաստութեամբ իրագործեցէք ամէն բան: Հաստատ եղէք ձեր նպատակը յաջողցնելու համար:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բարիք ընելով ձեր շուրջիններուն, կ՛ունենաք հոգեկան գոհունակութիւն: Ձեր շրջապատով կրնաք ուրախանալ: Մնացէք միշտ բարեացակամ, առողջ կ՛ըլլաք:

Share this Article
CATEGORIES