50 Տարի Առաջ (20 Մարտ 1964)

Հայ Բարձրագոյն Վարժարան Ու
Վարժարաններ Ամերիկայի Մէջ

Կրնա՞նք ունենալ… կարելի՞ է ունենալ… Այս հարցումները եղած են ու պատասխան տրուած` զանազան առիթներով ու զանազան յարգելի անձնաւորութեանց կողմէ, իմաստուն ու սրտցաւ եզրակացութիւններով: Հարցի մը շուրջ, որուն յաղթանակը ուրախութիւնն է ամէն մէկ հայու, աշխարհի որ մէկ անկիւնն ալ ապրած ըլլայ ան: Հայը իր դպրոցովը հայացած է, նոյնիսկ` իր մայր հողին վրայ:

Տեղին չէ խօսիլ հայ դպրոցին կատարած դերին մասին` քաջ գիտնալով, որ արեւի պէս տեսանելի է ան հայու մտքին: Հայորդիներու համար արեւի չափ կարեւոր հաստատութիւն մը ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ մինչեւ այսօր, աւելի քան կէս դար, չի յաջողիր երեւալ ամերիկահայ երկնակամարին վրայ…

Պիտի չհարցնենք անցեալին… Պատճառաբանութեանց հեղեղ մը մեզ կարող է նոյնիսկ մոլորեցնել: Գաղութ մը, որ իր միջգաղութային պարտականութեանց ու պատիւին մէջ եղած է միշտ յառաջապահ ու եղբայրական: Հայ կեանքի մէջ շատ մը հաստատութիւններ, ընտանիքներ ու անհատներ իրենց տնտեսական ապահովութիւնը կը պարտին ամերիկահայ եղբայրասէր գաղութին: Երէց եղբօր զոհողութիւնը միմիայն երախտագիտութեամբ կը լեցնէ մեզ…

Կէս դարու կեանքով մը հասունցած է այսօր հայ սփիւռքը: Ինչ որ անկարելի էր երէկ, նոյնը չի կրնար ըլլալ այսօր եւ վաղը: Մեր ուժերու սահմաններուն մէջ անկարելի բան գոյութիւն չի կրնար ունենալ, մանաւանդ` նման խնդրի մը շուրջ, այնքան ատեն որ մեր կարողութիւնները կը լարենք մեր նպատակին, եւ աղեղը կ՛արձակէ իր նետը:

Այսօր հայ երիտասարդութիւնը կը հաւատայ, կը տեսնէ եւ կ՛ուղեւորուի դէպի նպատակ մը, որուն նայած են կէս դարէ ի վեր ամէն ամերիկաբնակ հայ, ինչպէս երկար գիշերներէ վերջ, ամպամած օրերու մէջ արեւ փնտռող հիւանդներ մսած հոգիներով հայ եկեղեցւոյ զանգակներ են բարձրացուցած, որուն ղօղանջը քաղցր է թուացած ու կամարները` խաղաղ: Արտաքին ջերմութեամբ մարդու մարմինը կը տաքնայ, իսկ ապրելու համար ներքին ջերմութեան կը կարօտի, առանց սնունդի մեզ արտաքին ազդակներով կարելի չէ երկար ապրեցնել, հարկ է ի վերջոյ սնունդով կեանք տալ մարմնին: Այսօր լիբանանահայ երիտասարդութիւնը կը հաւատայ իր դերին, ու յարգելով ամէն մէկ հաստատութիւն ու անհատ ամերիկահայ գաղութէն ներս` իր յարգանքին կ՛աւելցնէ սէր, ու վճռական արշաւով մը կ՛ուղղուի իր նպատակին:

Հայ դպրոցներ Ամերիկայի մէջ…

Բոլոր անոնք, որոնք բան մը կրնան աւելցնել սոյն աշխատանքին ու արշաւին, անոնք միայն թող խօսին ու խառնեն իրենց ձայնը նոյն երգին: Գործը սկսած է ու միայն գործակիցներու պէտքը ունի: Բոլոր վերապահներն ու թերահաւատները կէս դար եւս թող բարի ըլլան սպասել եւ այդպէսով նպաստել հայ դպրոցին: Ճամբուն մէջտեղ չեն կենար, քալողներ կրնան խանգարուիլ ու խանգարել: Յեղաշրջումի ալիք մըն է, որ կը բարձրանայ ու պէտք ունի ամէն մէկ անհատի մասնակցութեան: Ամէն մէկ հայ, ուր որ ըլլայ, նման ձեռնարկի մը յաջողութեան իր ուրախութեանը իր ալ աշխատանքը պէտք է բերէ…

Մօտիկ անցեալին ամերիկահայութիւնը գիտցաւ իր բոլոր միջոցներով սատարել հայութեան կարիքներուն: Այսօր լիբանանահայ երիտասարդութիւնը պարտք կը զգայ սկսելու գործ մը` զայն նկատելով ի՛ր սերունդին գործը: Այգին հաւատացողին է ու մշակին: Մեր հայութեան մէջ` մեզ ազատ են թողած. մենք մեր անկախութիւնը կ՛ապրի՞նք: Մեր հայութիւնը մենք կը սպաննենք յաճախ մեր քանդի՛չ անտարբերութեամբ: Հանրային կեանքէն ներս սխալ գործ մը` գործողին խաչելութեան կ՛առաջնորդէ: Իսկ անտարբերներու, անպատասխանատու արտայայտութեանց ու անձնակեդրոն ապրումներու մէջ թաղուած փարնաբասները ո՞ր մէկ գողգոթան պէտք է առաջնորդել. թէ չէ` պէտք է կրկնել պատմութիւնը նոյն անպատուութեամբ: Ոչ ոք պիտի ուզէր իր մանգաղի զարկը քարի հանդիպէր, ու հայ հաւաքականութեան ամէն մէկ հաւատացեալը պէտք է գուրգուրանքով դիմաւորել, ինչպէս այգեպանը իր խաղողի մէն մի հատիկին, նոյնիսկ ինկած ու փրթած հատիկներու մէկտեղումով մենք կ՛ունենանք գինի մեր պատարագի խորաններուն ու քացախ` մեր սեղաններուն: Հայ մը հատիկ մըն է ողկոյզի` ոսկի թելով մը կապուած իր ժողովուրդին, զգուշանալ անտեղի թելեր կտրտելէ, իմաստաւորել պէտք է ամէ՛ն հայ, ու հայը պէտք է հայանայ, ինչպէս մարդը կը մարդանայ: Պէտք է գիտակցութեամբ ու երկիւղածութեամբ մօտենալ երիտասարդութեան հաւատքին ու խանդին, աւելի քան չորս հազար հաւատացեալներ Լիբանանէն ազգաշէն քայլերով կը յառաջանան բարձրացնելու հայ դպրոցը ամերիկահայ գաղութներէ ներս:

Ամէն սերունդ մեծ տուրքեր վճարած է իր հայ ապրելուն: Սովոր ենք մեր պատմութենէն, եւ ի՜նչ տուրքեր… Մեզ վիճակուածը կրկին մխիթարական է, երբ գիտենք, թէ կանք: Նոյնիսկ երկար ու դաժան ճանապարհորդութենէ ետք… հասած ենք այսօրուան ու մեր հայեացքը ուղղած ենք լուսաւոր վաղուան: Բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան հայ դպրոցի անհրաժեշտութեան, պէտք է գործեն այդ ուղղութեամբ, իրենց հնարաւոր ուժերով:

«Ամերիկայի մէջ հայ դպրոց»: Ա՛յս պէտք է ըլլայ օրուան կարգախօսը:

Եթէ մենք չենք յաջողիր այս ճանապարհով եւ մեր ուժերն ու պատրաստակամութիւնը կը գտնենք տկար, իսկ Ամերիկայի մթնոլորտը` ճնշիչ ու զօրեղ, այն ատեն բարձրաձայն այսօր իսկ կարելի է յայտարարել` փոխան վաղուան.

«Չի՛ք ամերիկահայ գաղութ»:

Հայ դատը չի լուծուիր միմիայն պատմական հայ հողերու կցումովը Հայաստանին, մինչեւ այդ հեռաւոր կամ մօտաւոր օրը` շատ կամուրջներ կան մեզ համար կառուցուելիք… Այն բազմաթիւ ու բազմազան ճանապարհները մեզմով է պիտի բացուին ու մեզ համար է պիտի բանանք: Մեր թշնամիները մեր բոլոր ունեցածները խլեցին ու կրնան խլել տակաւին, ինչ որ ունինք նիւթեղէն: Բայց մեզմէ չեն կրնար խլել այն սէրն ու զոհողութիւնը, զոր ունինք մեր ժողովուրդին ու մշակոյթին հանդէպ:

Ապագային մեսրոպեան արդար բողոքով, որպէսզի նոր Ենովք Լաչինեաններ «չդատապարտեն» մեզ եւ մենք մեր ծունկերն ու կուրծքերը զուր տեղ չծեծենք: Այսօ՛ր իսկ պէտք է կանգնենք հայ դպրոցի սիւները ամերիկահայ տաճարներու շուքին, որպէսզի օր մը հայ քահանան կամ հայ մամիկը չսարսափի հայ եկեղեցւոյ մէջ շրջող ամայութեան ուրուականէն, ու յիշելով ամայացած Աղթամարն ու Ս. Կարապետը` երկինքն ի վեր բողոքով  ու երկրին անէծքով իր ցաւին մէջ չխեղդուի, ու թուրքի կացինէն սպիացած վէրքերով սպիտակահեր գլուխը չկոտրի` Ս. տաճարի գեղեցիկ սալայատակ մարմար քարին զարնուած…

Այսօ՛ր պէտք են Ենովք Լաչինեաններ շատնան Ամերիկայի մէջ եւ ո՛չ թէ վաղը: Ամերիկահայ մեր հայրենակիցներն ու նոր սերունդը եթէ տիրացած է կեանքի ու ինչքի ապահովութեան, իսկ հոգեպէս մտած այլասերումի ճամբան ու մայրենի լեզուն սորվելու անկարելիութեան մէջ, ալ ինչո՞ւ գաղթեց իր պապենական հողերէն, ինչո՞ւ, էր ինչո՞ւ…

Սերմնացանը պէտք ունի հողին հետ արեւի ու անձրեւի… Ամերիկահայ նոր սերունդը, կը հաւատանք, եւս պիտի գիտակցի իր առաքելութեան եւ կազմակերպուելով զանազան կեդրոններու մէջ, ինչպէս գիտցած էր քով քովի գալ բազմաթիւ եկեղեցիներու ստեղծումին մէջ, այս առթիւ եւս պիտի պատուով դուրս գայ:

Այսօր օտարներ քաղցր աչքով կը նային իր տեսակին մէջ ինքնուրոյն հայոց եկեղեցիներուն իր ճարտարապետութեամբ ու ներքին ծիսականութեամբը, պատճառ մը չունին նաեւ չհիանալու հայ դպրոցներու գոյութեամբ, երբ մենք գիտցած ենք զայն եւս կեանքի բերել: Պէտք է գործի լծուիլ ու խանդավառուելով կարելի է հասունացնել ամէն ծառ ու ծաղիկ, ի՜նչ հայածին հրաշքներ պիտի ստեղծուին հայ դպրոցի շուքին` պատիւ բերելով ամերիկահայութեան, Ամերիկային ու Հայաստանին…

Առ այդ, գործը սկսած է… Ո՛վ ականջ ունի, թող լսէ…

Յ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES