Մարտ 21-ը Կը Համախմբէ Միջազգային Քանի Մը Տօներ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Վաղը մարտ 21-ն է. եկէք` ծանօթանանք այս օրուան հետ կապուած միջազգային տօներուն:
– Այս օրը, ՄԱԿ-ի 1966 թուի որոշումով մարտ 21-ը կը նշուի որպէս ցեղային խտրականութեան դէմ պայքարի օր:
– ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 1999 թուի որոշումով մարտ 21-ը կը նշուի որպէս բանաստեղծութեան օր: Առաջին անգամ տօնը նշուած է Փարիզի մէջ:
– Մարտ 21-ը կը նշուի որպէս երկրագունդի օր: Յատկանշական է, որ այս տօնը կը զուգադիպի գարնանային գիշերահաւասարի օրուան: Տօնին նպատակն է համախմբել երկրագունդի բարօրութեան համար պայքարող բոլոր յառաջադէմ ուժերը, ոգեւորել եւ քաջալերել անոնց պայքարը:
– Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան որոշումով, մարտ 21-ին կը նշուի քունի օրը:
– Մարտ 21-ը նաեւ անտառներու պաշտպանութեան միջազգային օր է:
– Մարտ 21-ը գարնանային գիշերահաւասարի օրն է: Հայերուն մօտ գիշերահաւասարի օրը կը համարուի նոր տարուան սկիզբը, իսկ նոր տարին նոյնպէս տօն է…
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
8 Գործնական Միջոցներ
Ձեր Զաւակները Պատկերասփիւռէն
Եւ Համակարգիչէն Հեռու Պահելու
Յաճախ կը դժգոհիք, որ ձեր զաւակները պատկերասփիւռին կամ համակարգիչին գերին դարձած են. սակայն արդեօք մտածա՞ծ էք զանոնք զբաղցնելու այլ միջոցներու մասին…
Ահաւասիկ հետաքրքրական եւ դիւրին միջոցներ անոնց ուշադրութիւնը շեղելու` աւելի հետաքրքրական զբաղում մը առաջարկելով անոնց:

2
Ընտանեօք խաղ մը (բառխաղ, Մոնոփոլի, Ռիսք…) խաղացէք: Ասիկա նաեւ լաւ առիթ մը կ՛ըլլայ շփուելու եւ հաճելի ժամանակ անցընելու:

1
Բացէք խոհագիրներու գիրքը եւ ձեր զաւկին հետ անուշեղէն մը կամ աղցան մը պատրաստեցէք, ապա ընտանեօք համտեսեցէք եւ գնահատեցէք անոր ճիգը:

4
Երբեմն, երբ առիթը ներկայանայ, քաղաքէն դուրս ելէք, բնութեան մէջ պտըտեցէք եւ խաղացէ՛ք:

3
Շաբաթը անգամ մը գրադարան այցելեցէք եւ ձեր զաւկին գիրք մը կամ թերթ մը գնեցէք: Թող իր փոքրիկ գրադարանը կազմէ եւ օրական կէս ժամ կարդայ` իր նախասիրած մէկ անկիւնը քաշուելով:

6
Գիտական փորձ մը կազմակերպեցէք: Երեխաները կը սիրեն բաներ յայտնաբերել: Փորձերը կրնան ըլլալ անոնց գիտութեան դասերէն: Կարելի է նաեւ օրինակներ ճարել համացանցէն:

5
Ձեռային աշխատանք մը կազմակերպեցէք, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` մօտիկ ընկերներ հրաւիրելով եւ ապա պզտիկ ցուցահանդէս մը կազմակերպելով:

8
Օրինակ ծառայեցէք: Երեխաները կը սիրեն կապկել մեծերը: Եթէ դուք պատկերասփիւռին առջեւ չգամուիք եւ ուրիշ զբաղում գտնէք, ան շատ հաւանաբար ձեր օրինակին պիտի հետեւի:

7
Լուսանկարչական գործիք մը գնեցէք եւ ամէն անգամ նիւթ մը ընտրեցէք եւ պահանջեցէք, որ անոր շուրջ 10 – 15 նկար նկարէ: Ապա զանոնք լաթակալներով ցուցադրեցէք իր սենեակին մէջ:
Սննդագիտական
5 Համոզիչ Պատճառներ`
Լոլիկ Ուտելու Համար
Սննդարար այս ուտելիքը կարելի է սպառել հում կամ եփած` համեղ աղցաններու կամ տաքուկ ապուրներու մէջ, որպէս զովացնող խմիչք կամ մեր կերակուրները համեմող թացան:
Հաւանաբար դուք ալ կը սիրէք լոլիկը, բայց արդեօք ծանօ՞թ էք անոր բուժիչ յատկութիւններուն… Ահաւասիկ 5 համոզիչ պատճառներ` լոլիկ ուտելու համար:
1
Քաղցկեղէ պաշտպանուելու համար:
Լոլիկին պարունակած կենսանիւթերը` Ա. Պէ.6, Սէ., ՔԱ., Պէ.1, Պէ.3 եւ անթիօքսիտանները, յատկապէս` լիքոփենը, կը պաշտպանեն շագանակագեղձի (փրոսթաթ), կոկորդի, բերնի, ստամոքսի, ձուարաններու եւ այլ քաղցկեղներէ: Ահաւասիկ համոզիչ պատճառ մը` առատ լոլիկ ուտելու:
2
Սրտանօթային հիւանդութիւններէ պաշտպանուելու համար:
Դարձեալ շնորհիւ լիքոփեն կոչուած անթիօքսիտանին մէկ այլ ազդեցութեան, մարմինը կը պաշտպանուի երակային խցանումներէ, որոնք դուռ կը բանան սրտանօթային հիւանդութիւններու:
Լոլիկը յանձնարարելի է նաեւ արեան գերճնշումի պարագային:
Թելադրելի է ամէն առաւօտ, անօթի փորով, բաժակ մը լոլիկի հիւթ խմել:
3
Բարեձեւ մնալու համար:
Բոլոր անոնք, որոնք նիհարնալու սննդականոնի կը հետեւին, կրնան առատ լոլիկ ուտել: Սննդագէտներու կարծիքով, լոլիկը շատ ջուր (93-95%) եւ քիչ շաքար կը պարունակէ, բացի այս յատկութենէն` անիկա մարսողական եւ աղիքներու գործունէութիւնը կանոնաւորող ուտելիք մըն է:
Անմարսողութեան պարագային, կարելի է թարմ, հասուն լոլիկ մը ուտել ճաշէն ետք:
4
Ոսկորները զօրացնելու համար:
Շնորհիւ ՔԱ. կենսանիւթին, լոլիկը կը սնուցանէ եւ կը զօրացնէ ոսկորները եւ, բնականաբար, կը պայքարի օսթէոփորոզին դէմ:
Ահաւասիկ պատճառ մը եւս` առատ լոլիկ ուտելու:
5
Աչքերը պաշտպանելու համար:
Նոր ուսումնասիրութիւններու համաձայն, լոլիկին պարունակած Ա. կենսանիւթը կրնայ կանխարգիլել տեսողական լուրջ եւ անբուժելի հիւանդութիւն մը` Մաքիւլըր տեճեներէյշընը: Ա. կենսանիւթը ունի նաեւ տեսողութիւնը բարելաւելու յատկութիւնը:
Շոգեխաշ Միս Եւ Բանջարեղէն
Շատեր կը կարծեն, թէ շոգիով դանդաղ եփելը կամ ճաշի հասունացման դանդաղ ընթացքը վնասակար է: Մենք պիտի ըսենք, թէ ընդհակառա՛կը, այդ մէկը շատ աւելի առողջապահական է: Ըլլան ընդեղէնները, բանջարեղէնները կամ բոյսի տեսակները, զանոնք դանդաղ շոգիով եփելը նախընտրելի է մասնաւորաբար` դիւրամարսութեան համար, որովհետեւ անոնք մեծ քանակութեամբ բնաթել կը պարունակեն: Դանդաղ ընթացքով եւ շոգիով եփելը կը կակուղցնէ բնաթելը եւ մարմինը դիւրութեամբ կ՛օգտուի անոր սնունդէն: Շոգիով դանդաղ եփելը նոյն ձեւով կը դիւրացնէ մարմնին օգտագործումը ուտելիքին մէջ գտնուող նշային եւ թոյլ կու տայ, որ մսեղէններուն մէջ գտնուող քոլաժենի սնունդը առաւելագոյն կերպով օգտագործուի մարմնին կողմէ:
Բոլոր բանջարեղէնները, որոնք բնաթել կը պարունակեն, ձեւով մը կը գրգռեն ստամոքսը, մասնաւորաբար` դիւրազգաց ստամոքսը, հետեւաբար դանդաղ, շոգիով եփելը միշտ օգտակար է ստամոքսը խաղաղ պահելու համար: Կայ այն կարծիքը, որ ճաշը իր ամբողջական սնունդը կրնայ կորսնցնել եթէ դանդաղ եփենք զայն: Այս ենթադրութիւնը բացարձակապէս սխալ է, հակառակն է ճիշդը: Փաստն այն է, որ խաշած գետնախնձորին մէջ գտնուող կենսանիւթ Սէ-ին քանակը շատ աւելի բարձր է, քան` հում ստեպղինի մը մէջ գտնուող կենսանիւթ Սէ-ին քանակը:
Այս բոլորէն հետեւցնելով` կրնանք ըսել, որ շոգեխաշ միսի ու բանջարեղէնի ճաշը ամէնէն հարուստ եւ օգտակար ճաշերէն մէկն է, որովհետեւ կը հասուննայ դանդաղ եւ ինքնիրմով:
Եթէ կ՛ուզենք, որ արգանակը թանձր ըլլայ, կրնանք ուտելիքը նախ եփել զետեղելով պաղ ջուրի մէջ եւ ապա` տաք ջուրի մէջ, բացի գետնախնձորէն, որովհետեւ գետնախնձորը եթէ երկար եփի, կը փճանայ կամ կը հալի:
Զգուշ պէտք է ըլլանք, որ վայրի բոյսերը, ինչպէս` մեխակը, կասիան սկիզբէն ճաշին մէջ չզետեղենք, որովհետեւ եթէ զանոնք երկար տեւողութեամբ եփենք, ճաշին լեղի համ կու տան:
Զանազան տեսակի ուտելիքները իրարու հետ դանդաղ եփելով` անոնց սննդական տարրերը միասնաբար կը հասնին իրենց առաւելագոյն արժէքին եւ մարմինը զանոնք կ՛օգտագործէ եւ կ՛ընդունի դիւրութեամբ եւ առանց որեւէ արգելքի:
ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ
Խոհագիր
Շոմինով Լոլիկ
Բաղադրութիւն
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– 250 կրամ թարմ շոմին
– 4 խոշոր լոլիկ
– 125 կրամ սոնոպրի
– 1 պճեղ սխտոր
– 3 ապուրի դգալ տաշուած փարմըզան
– Աղ, սեւ փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 220 ջերմաստիճանով: Փուռի ափսէն ձէթով ծեփել:
Մնացեալ ձէթը տապակին մէջ տաքցնել, աւելցնել մաքրուած շոմինը, կափարիչը գոցել եւ 2 վայրկեան եփել: Ապա կափարիչը բանալ, խառնել եւ 1 վայրկեան եւս եփել: Շոմինը քամոցի մէջ փոխադրել:
Լոլիկները լուալ, գլուխները կտրել եւ միջուկը պարպել:
Սոնոպրին տապակին մէջ թեթեւ տապկել, աւելցնել շոմինին վրայ: Սխտորը կեղուել, ճզմել եւ աւելցնել խառնուրդին, նոյնպէս ալ` տաշուած պանիրը եւ համեմները:
Լոլիկները լեցնել այս միջուկով, շարել ափսէին մէջ եւ 15 – 20 վայրկեան եփել:
Բարի՛ ախորժակ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հին Մանկութիւն
Մէկից մի սոխ, մէկից մի հաց գողանում,
Գնում էինք Արփաչայը լողանում:
Սոված, ծարաւ, բոկոտն ընկնում սար ու ձոր`
Շրջում էինք` անգիտութեամբ բախտաւոր:
Աշխարհն ասես, սարի ետեւ, վերջանում…
Իջնող արեւն իրեն հետ էր մեզ տանում…
Չգիտէինք` ով էր ժպտում, ով լալիս,
Ով էր մեզ հաց, ով մեր աչքին լաց տալիս…
Չգիտէինք, թէ ում կուրծքն էր զարդարում
Ձնծաղիկը, որ մենք էինք միշտ բերում…
Չգիտէինք` աշխարհն ինչ էր, մարդն ինչ էր,
Մենք` դարդի մէջ, չգիտէինք` դարդն ինչ էր…
Ա՜խ, դեռ մանուկ մենք ծերացած, գլխիկոր
Շրջում էինք` անգիտութեա՜մբ բախտաւոր…ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

