Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հալէպ
«Տաղ Հալէպ»-ին Խորագիրով
Ասմունքի Փառատօն
Կիրակի, 16 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Հալէպի «Զաւարեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տաղ Հալէպ»-ին ասմունքի փառատօնին երկրորդ ներկայացումը` հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան Թատերական միաւորի գրական յանձնախումբին, ղեկավարութեամբ բեմադրիչ Մանուէլ Քէշիշեանին: Հալէպահայ փոքրիկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ մեկնաբանեցին Հալէպին նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ արձակ գրութիւններ, որոնց հեղինակներն էին հալէպահայ հանրածանօթ գրողներ: Մասնակից փոքրիկներն ու ծնողներէն ոմանք եւս գրած էին Հալէպին նուիրուած արձակ եւ չափածոյ գրութիւններ:
Ասմունքող փոքրիկները նկարագրեցին Հալէպի ողբը, կսկիծը, բայց նաեւ` ապրելու վճռակամութիւնը, մշակոյթը, բարի ժողովուրդն ու լաւատեսութեամբ խաղաղութիւն մաղթեցին «Երազային Հալէպ»-ին:
Քուէյթ
Քուէյթի Առաջնորդին Հանդիպումը
Իտալիոյ Դեսպանին Հետ
Քուէյթի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս ծ. վրդ. Զոպույեան 13 մարտին, ընկերակցութեամբ թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Վարդան Նարինեանի եւ յարաբերական յանձնախումբի ատենապետ Մարգօ Պապլանեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ֆապրիցիօ Նիկոլեթիի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին Մասիս ծ. վրդ. Զոպույեան անդրադարձաւ հայ եւ իտալացի ժողովուրդներու պատմական յարաբերութիւններուն, որ սկիզբ առած է միջնադարուն եւ խորացած` կիլիկեան հայկական թագաւորութեան ժամանակաշրջանին: Ան դեսպանին յայտնեց, որ առաջին հայկական տպագիր գիրքը լոյս տեսած է Իտալիոյ մէջ, 1512 թուականին: Կաթողիկոսական փոխանորդը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Իտալիոյ ժողովուրդին, որ հայ ազգի կողքին կանգնած է եւ ճանչցած` Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան խօսեցաւ նաեւ Քուէյթի եւ շրջանի հայ համայնքին եւ անոր տարած տարաբնոյթ աշխատանքներուն մասին: Դեսպանը իր կարգին գնահատեց Քուէյթի եւ շրջանի հայ համայնքին աշխատանքները եւ անոր դրական ներկայութիւնը շրջանին մէջ:
Ատրպատական
Թաւրիզի Քաղաքապետին Ներկայացուցիչը
Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
Յունուար 25-ին, Թաւրիզի քաղաքապետ դոկտ. Նաճաֆիի անձնական ներկայացուցիչ Խալիլի այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեանի եւ Թեմական խորհուրդի անդամներուն հետ:
Հանդիպումը շարունակութիւնն էր թեմի առաջնորդին եւ Ազգային իշխանութեան Թաւրիզի քաղաքապետին տուած պաշտօնական այցին, որուն ընթացքին քաղաքապետին առաջարկուած էր շարք մը ծրագիրներ: Առ այդ, քաղաքապետը իր անձնական խորհրդականը ուղարկած էր ազգային առաջնորդարան` մօտէն տեղեկանալու շինարարական շարք մը ծրագիրներուն:
Առաջնորդն ու Թեմական խորհուրդի անդամները Խալիլիի առաջնորդեցին շրջափակ, ուր անոր տուին բացատրութիւններ` կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Խալիլի խոստացաւ գարնան սկսիլ ծրագիրներու իրագործման եւ պատրաստեց թղթածրար մը` ներկայացնելու Թաւրիզի քաղաքապետ դոկտ. Նաճաֆիին:
Յունաստան
Ուխտագնացութիւն Սերրես
Հովանաւորութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին եւ կազմակերպութեամբ Աթէնքի հոգաբարձութեան եւ տիկնանց մարմնի անդամներուն, 8 – 9 փետրուարին Սերրեսի «Ս. Սարգիս» խորանի անուանակոչութեան տօնին առիթով տեղի ունեցաւ ուխտագնացութիւն-շրջապտոյտ մը դէպի Սերրես` մասնակցութեամբ աւելի քան 30 ուխտաւորներու:
Փետրուար 8-ին Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին եւ միութիւններուն համագործակցութեամբ, «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ:
Թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան իր խօսքին մէջ քաջալերեց բոլորը, որ ընտանեկան իրենց յարկերէն ներս իրենց ծնողներուն կողքին մեծնան, աճին, սուրբ ընտանիք կազմեն:
Փետրուար 9-ին երեք հանրակառքեր մեկնեցան դէպի Սերրես` մասնակցելու եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագին: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յիշեցուց Սերրես շրջանին կարեւորութիւնը եւ ներկայ դժուար պայմաններուն անդրադառնալով` հաստատեց, որ շատ մը հայրենակիցներ, հաստատուած են Սերրես եւ կը փորձեն առաւել եւս ծաղկեցնել իրենց շաբաթօրեայ դպրոցով ու իրենց ընտանիքներուն պահպանութեամբ: Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Այնուհետեւ, Սերրեսի դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը: Ապա տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին խօսք առին Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեան եւ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան, որոնք երախտագիտական ու շնորհակալական խօսքեր ուղղեցին Սերրեսի հայ համայնքին:
Սպանիա
Ձեռնարկներ` Պարսելոնայի
Հայ Համայնքին Մէջ
* Փետրուար 22-ին Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան միօրեայ վարժարանը նշեց Մայրենի լեզուի միջազգային օրը: Վարժարանի ուսուցիչները ներկայացուցին Գալուստ Կիւլպէնկեանի, Արշիլ Կորքիի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ Սիամանթոյի կենսագրութիւններն ու կատարած աշխատանքները, ցուցադրուեցաւ նաեւ հայոց լեզուի մասին փաստագրական տեսերիզ մը:
* Նոյն օրը «Հայ տուն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճատրակը այլ տեսանկիւնէ» խորագիրով սեմինար մը: Օրուան զեկուցաբեր Գրիգոր Մանուչարեան ներկայացուց ճատրակի պատմականը. ճատրակը իբրեւ արուեստ եւ գիտութիւն նիւթերը: Ելոյթին ընթացքին ան անդրադարձաւ ճատրակի մէջ հայերուն ունեցած յաջողութեան մասին:
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար
Հրանուշ Յակոբեանի Աշխատանքային
Այցելութիւնը Փորթուգալ Եւ Սպանիա
Մարտ 6-8-ին նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց Փորթուգալ եւ Սպանիա: Լիզպոնի մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի պատասխանատուներուն հետ: Նախարարը այցելեց նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան թանգարանը: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Գալուստ Կիւլպէնկեանի 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու, հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքներու հետ սփիւռքի եւ Հայաստանի կրթական, մշակութային, հետազօտական համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու, սուրիահայ ուսանողներուն կրթաթոշակ տրամադրելու, երիտասարդ գիտնականներու աջակցութեան վերաբերող հարցեր:
Հրանուշ Յակոբեան գոհունակութիւն յայտնեց 2014-2017 «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքներու ծրագիրներուն համար, նշելով, որ անոնք հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան, արեւմտահայերէնի պահպանման եւ հայապահպանութեան միտում ունեցող լաւագոյն քայլերն են:
Սփիւռքի նախարարը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նախագահ Արթուր Սանթոս Սիլվան Հայաստանի վարչապետին անունով հրաւիրեց Հայաստան: Ան սիրով ընդունեց հրաւէրը:
Սփիւռքի նախարարը այցելեց նաեւ Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաք, ուր հանդիպումներ ունեցաւ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնց ներկայացուց սփիւռքի նախարարութեան 5-ամեայ ծրագիրները, նաեւ անդրադարձաւ 2014-ին տեղի ունենալիք ծրագիրներուն: Ան այցելեց Պարսելոնայի միօրեայ վարժարան եւ ծանօթացաւ անոր աշխատանքներուն:
Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան եւ սփիւռքի նախարարութեան հետ համաձայնութիւն գոյացաւ համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու գծով: Նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու 18-19 ապրիլին Պարսելոնայի մէջ կազմակերպուող Եւրոպայի համահայկական 20-րդ խաղերուն:
Վրաստան
Մհեր Մկրտչեանի Յիշատակին
Նուիրուած Յուշ–Երեկոյ
Մարտ 11-ին Վրաստանի խորհրդարանի ազգային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դերասան, ժողովրդական արուեստագէտ Մհեր Մկրտչեանի յիշատակին նուիրուած յուշ-երեկոյ:
Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Մկրտչեան իր մեծ տաղանդին եւ խաղցած փայլուն դերերու շնորհիւ միշտ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ, աւելցնելով, որ ան կը համարուի Հայաստանի մշակութային եւ ժողովրդական դեսպանը Վրաստանի մէջ:
Վրաստանի Համերաշխութեան եւ քաղաքացիական հաւասարութեան նախարար Պաատա Զաքարեաշվիլի անդրադարձաւ հայ-վրացական դարաւոր եղբայրութեան եւ բարեկամութեան` միաժամանակ յայտնելով իր ակնածանքը եւ սէրը Մհեր Մկրտչեանի եւ անոր արուեստին նկատմամբ:
Վրաստանի մէջ Ղազախստանի դեսպան Երմուխամետ Երթսպայեւ հանդէս եկաւ գնահատական խօսքով:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ կ՛ընդգրկէր տեսերիզի ցուցադրութիւն, համերգ: Կազմակերպուեցաւ նաեւ դերասանի կրաֆիքական աշխատանքներու ցուցահանդէս:
Միացեալ Նահանգներ
Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան
Երգչախումբի «Իմ Երեւան» Ելոյթը`
Նուիրուած Երեւանի 2795-Ամեակին
21 եւ 23 փետրուարին, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանահայ միութեան երգչախումբին «Իմ Երեւան» խորագրով ելոյթը` նուիրուած Երեւանի 2795-ամեակին, ղեկավարութեամբ Միքայէլ Աւետիսեանի, ընկերակցութեամբ «Երեւան» էսդրատային ճազ նուագախումբին (դաշնամուր` Արմինէ Ղազարեան, պաս կիթառ` Արտեմ Մանուկեան, թմբուկ` Սաշ Աղամեան):
Իրանահայ միութեան գեղարուեստական բաժնի նախագահ Ռազմիկ Շահգալդեան ներկայացուց օրուան խորհուրդը: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ երգչախումբը: Յայտագրի ընթացքին ներկայացուեցան Երեւանին նուիրուած 18 երգեր:
Միհրան Շիմշիրեանի Յիշատակին
Փետրուար 23-ին ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը իր բազմատասնեակ մասնաճիւղերով յատուկ հոգեհանգիստ մը կատարեց ի յիշատակ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Միհրան Շիմշիրեանի:
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը եւս իրենց շրջաններուն մէջ` Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Պոսթըն եւ Ուաշինկթըն, կատարեցին հոգեհանգստեան պաշտօն:
Կլենտէյլի «Մեմորեալ» Հիւանդանոցի Նախագահ
Ճեք Այվիի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
Մարտ 5-ին Կլենտէյլի «Մեմորեալ» հիւանդանոցի նախագահ Ճեք Այվի, ընկերակցութեամբ հիւանդանոցի անձնակազմէն Մերի Ֆիլիփեանի եւ հոգեւոր հովիւ Քէյսի Մըքարթիի, այցելութիւն մը տուաւ Ազգային առաջնորդարան:
Առաջնորդ սրբազանը անոնց հետաքրքրութեան գոհացում տալով, համապարփակ ակնարկ մը նետեց մեր եկեղեցւոյ վերջին դարերու պատմութեան վրայ` լուսարձակի տակ առնելով նաեւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնն ու մեր եկեղեցւոյ եւ յատկապէս կիլիկեան Ս. Աթոռին վրայ անոր ունեցած ճակատագրական հետեւանքը: Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայութեան դժուարութիւններուն եւ տագնապներուն: Հանդիպումը առիթ եղաւ թեմի կազմութեան եւ անոր գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու:
Ճեք Այվի իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար` յատկապէս գնահատելով առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ազգային առաջնորդարանին տարած բոլոր աշխատանքները, մանաւանդ` Կլենտէյլի «Մեմորեալ» հիւանդանոցին հետ ունեցած սերտ գործակցութիւնը:
Հանդիպման աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը յուշանուէրներ յանձնեց հիւրերուն:
Գերմանիա
Սումկայիթի Ջարդերու Տարելիցին
Նուիրուած Յուշ–Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Պերլինի հայ համայնքին, աջակցութեամբ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան, 6 մարտին տեղի ունեցաւ Սումկայիթի ջարդերու տարելիցին նուիրուած յուշ-երեկոյ:
Երեկոյին ելոյթներով հանդէս եկան դեսպան Վահան Յովհաննիսեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան:
Երեկոյի գլխաւոր բանախօսն էր փրոֆեսէօր Լուխտերհանտ:

