«Չեմփիընզ Լիկ». Չելսի Եւ Ռէալ Մատրիտ Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Երէկ գիշեր տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, Չելսի եւ Ռէալ Մատրիտ ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով յաջորդաբար թրքական Կալաթասարայը եւ Շալքէն:

Չելսի, որ երթին Թուրքիոյ մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր, երէկ նշանակեց երկու անպատասխան կոլեր` շնորհիւ Սամուէլ Էթուի (4-րդ) եւ Կերի Քահիլի (42-րդ):

Իսկ Ռէալ Մատրիտ, որ երթին Շալքէի դաշտին վրայ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկ եւս յաղթական դուրս եկաւ այս ճակատումէն` արձանագրելով 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (21-րդ եւ 74-րդ) եւ Ալվարօ Մորաթա (75-րդ) նշանակեցին Ռէալի կոլերը:

Ինչ կը վերաբերի այսօրուան մրցումներուն, Պորուսիա Տորթմունտ պիտի հիւրընկալէ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկը, իսկ Մանչեսթըր Եունայթըտ` Օլիմփիաքոսը: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

 

Share this Article
CATEGORIES