Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Պիպլոս

hmem-18032014Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ եւ դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 19 մարտին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը:

ՀՄԸՄ-ի համակիրները հրաւէրի պէտք չունին այս մրցումին ներկայ գտնուելու համար` նկատի ունենալով, որ անոնք մրցումին ազդանշանը տրուելէն ժամեր առաջ արդէն իսկ լեցուցած կ՛ըլլան մարզադաշտը, բնականաբար` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:

Հակառակ անոր որ երթին ՀՄԸՄ Պիպլոսի դաշտին վրայ 72-51 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, սակայն ներկայիս կացութիւնը ամբողջութեամբ փոխուած է, ՀՄԸՄ եղած է տիրական ներկայութիւն մը եւ դարձած Ա. դասակարգի մղձաւանջը:

Հետեւաբար, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ոչ մէկ ճիգ խնայել արձանագրելու համար յաջորդական չորրորդ եւ տարեշրջանի վեցերորդ յաղթանակը:

Այսօր տեղի կ՛ունենայ նաեւ այլ մրցում մը, որուն ընթացքին միեւնոյն ժամուն Հուփս Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ կը հիւրընկալէ Ամշիթը:

Նշենք, որ դարձի 4-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Սաֆատիի մարզահամալիրին մէջ Մութթահետ 97-75 արդիւնքով յաղթեց Թատամոնին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES