Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Սրտի Գործողութի՞ւն, Թէ՞ Դեղ» Նիւթով Դասախօսութիւն

DSC03955

Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 19 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սրտի գործողութի՞ւն, թէ՞ դեղ», նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սրտաբան տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ Բարմաքսզեան, որ ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ սրտանօթային հիւանդութիւնները կը շարունակեն մնալ մահուան յառաջատար պատճառը` ամբողջ աշխարհի մէջ: Սրտի հիւանդութիւնները բազմաթիւ են, ինչպէս` սրտի գործունէութեան անբաւարարութիւնը, փականներու թուլութիւնը, պսակաձեւ զարկերակներու խցումը, սրտի զարկերու խանգարումը եւ այլն:

Սրտաբան տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ ներկայացուած նիւթը պիտի ընդգրկէ միայն սրտի երակային հիւանդութիւնները: Դասախօսը սահիկներու ցուցադրութեան օժանդակութեամբ բացատրեց սրտի երակներու պատկերը եւ անոնց հիմնական աշխատանքը:

Սրտի երակային հիւանդութիւններու կառավարումը առաջին հանգրուանին դեղերով կ՛ըլլայ: Դեղերը պատմականօրէն գոյութիւն ունեցած են, բայց ժամանակի ընթացքին զարգանալով, որակական ու քանակական առումով ներկայիս բաւական կատարելագործուած պարունակով կը ներկայանան:

Այս բաժինով դասախօսը նշեց, որ հիւանդները յաճախ կը դժգոհին դեղերու գործածութենէն եւ քանակէն, ինչ որ բնական է, բայց երբ դեղերով բուժումը ունի իր դրական ընթացքը, պէտք է լաւապէս ու կանոնաւորապէս հետեւիլ դեղերու օգտագործման: Կարգաւորելու համար դեղերու կանոնաւոր գործածութիւնը, դասախօս բժիշկը առաջարկեց պատրաստել ցանկ մը թուականներով, ինչպէս նաեւ յատուկ տուփիկներ, որոնք առօրեայ դրութեամբ դեղերու բաժանումը կ՛ապահովեն:

Այս բաժինի աւարտին, տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան մանրամասնօրէն ներկայացուց սրտի երակներու հիւանդութիւններու հետ առնչուած դեղերը եւ անոնց տարբեր ընտանիքները, աշխատելաձեւը եւ գործածման պայմանները:

Դասախօսութեան երկրորդ բաժինով, սրտաբանը խօսեցաւ սրտի գործողութեան եւ պալոնի մասին: Ան բացատրեց, որ սրտի գործողութիւնը բաւական պատասխանատու ու լուրջ գործողութիւն մըն է, ու սահիկներու օժանդակութեամբ ներկայացուց, թէ սրտի երակներուն ճիշդ ի՛նչ կը կատարուի գործողութեան ընթացքին: Դասախօսը յայտնեց, որ մարմնի այլ մասերէն, ինչպէս` կուրծքի կամ ոտքի երակներէն օգտուելով, կամուրջի նման երակներով օժտելով սիրտի մկանները, կը վերադարձնեն սրտի բարւոք աշխատանքը:

Սրտի երակային հիւանդութիւններու ախտաճանաչման հոլովոյթին մէջ, Քաթեթըրայզէյշընը ունի իր որոշադրիչ դերը: Դասախօսը մանրամասնութեամբ բացատրեց  Քաթեթըրայզէյշընը եւ թէ ինչպէ՛ս կը կատարուի:

Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան նշեց պատճառները, որոնք կ՛առաջնորդեն սրտի երակային հիւանդութիւններու.

1.- Ժառանգական ազդակը

2.- Գիրութիւնը

3.- Ծխախոտը

4.- Արեան գերճնշումը

5.- Շաքարախտը

Իբրեւ եզրակացութիւն, սրտաբանը հաստատեց, որ կանուխ սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ սրտի երակային հիւանդութիւններու կանուխ ախտաճանաչումը իբրեւ բուժման հիմնական միջոցը կը ներկայանայ:

Աւարտին տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան բացատրութիւններով ու օրինակներով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Share this Article
CATEGORIES