Հաղորդագրութիւն. Ազգային Վարժարաններու Ծնողներու Ուշադրութեան
Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին հովանաւորութեամբ, երկրորդ տարին ըլլալով երկուշաբթի, 24 մարտ 2014-ին, տեղի պիտի ունենայ Ազգային վարժարաններու յատուկ «Մանկավարժական մշակման օր» մը: Տարեկան ծրագիրին մէջ 24 մարտը նկատի առնուած է իբրեւ արձակուրդ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան համար, մինչ բոլոր ուսուցիչներն ու տնօրէնները հրաւիրուած են մասնակցելու «Մանկավարժական մշակման օր»-ուան աշխատանքներուն: «Մանկավարժական մշակման օր»-ը առիթ մըն է Ազգային վարժարաններուն մէջ ծառայող կրթական մշակներուն վերանորոգելու իրենց մանկավարժական գիտելիքներն ու հմտութիւնները, ինչպէս նաեւ բաժնեկցելու ուսուցման իրենց փորձառութիւնները: Այս բոլորը յանուն Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան մատուցելու համար լաւագոյնը: Այս տարուան «Մանկավարժական մշակման օր»-ը պիտի ընդգրկէ շուրջ 20 դասախօսական, աշխատանքային սեմինարի եւ գաղափարներու փոխանակման նիստեր: Դասախօսական եւ աշխատանքային սեմինարներու նիստերուն համար հրաւիրուած են դասախօսներ Պէյրութի ամերիկեան, Հայկազեան եւ «Նոթր տամ» համալսարաններու մանկավարժութեան եւ այլ բաժանմունքներէն, իսկ գաղափարներու փոխանակման նիստերը պիտի վարեն Ազգային վարժարաններու ուսուցիչներ: Յառաջիկային աւելի մանրամասն հաղորդագրութեամբ մը պիտի զեկուցենք «Մանկավարժական մշակման օր»-ուան աշխատանքներու մասին:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
17 մարտ, 2014

