Հաղորդագրութիւն. «Հայոց Պատմութեան Հիմնահարցեր»

Hamaz-logoՀամազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, գործակցութեամբ Երեւանի պետական համալսարանին, մշակած է «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր»-ու ծրագիր մը, որուն կրնան մասնակցիլ հայոց պատմութեան եւ լեզուի ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ անհատ փափաքողներ:

Ծրագիրին տեւողութիւնը երեք ամիս է: Անիկա բաղկացած է մէկ ճանաչողական եւ տասը թեմաթիկ դասաժամերէ, որոնք պիտի աւանդուին հեռուսուցումի դրութեամբ:

Ծրագիրի աւարտին մասնակիցները համապատասխան վկայագիր պիտի ստանան Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէնութենէն:

Այս առիթով, Երեւանէն Պէյրութ պիտի ժամանէ Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան, որ ծրագիրին մասին պիտի տայ յատուկ զեկուցում մը` երեքշաբթի, 25 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES