Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

PROFOTO
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը երէկ գիշեր ականատեսը եղաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական կազմին այլ կարեւոր իրագործումին, երբ նոր «զոհ» մը եւս ինկաւ, որ այս պարագային եղաւ Պիպլոսը:
ՀՄԸՄ-ի հնգեակը արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` 58-57 արդիւնքով:
Պիպլոս Եւս Անցաւ ՀՄԸՄ-ի
«Զոհերուն» Շարքին
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ եւ դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը ունեցաւ այլ զոհ մը, որ այս անգամ եղաւ Պիպլոսը:
ՀՄԸՄ, որ այսպիսով արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, 58-57 արդիւնքով յաղթեց (10-12, 26-19, 39-42 եւ 58-57) իր մրցակիցին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն ներկայութեան, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ անդադար քաջալերեցին ՀՄԸՄ-ի հնգեակը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ 7-րդ դիրքէն բարձրացաւ 6-րդ դիրք:
ՀՄԸՄ, որ ցարդ արձանագրած է վեց յաղթանակ եւ կրած 7 պարտութիւն, բաւական մօտեցաւ 5-րդ դիրքին վրայ գտնուող Պիպլոսին, որ արձանագրած է 8 յաղթանակ եւ կրած 5 պարտութիւն:

PROFOTO
Նշենք, որ լիբանանեան կարգ մը կայքեր «ֆէյսպուք»-ի իրենց էջերուն վրայ գրած էին, որ «Պիպլոս ընկղմեցաւ ՀՄԸՄ-ի դժոխքին մէջ»:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի դաշտ ներկայացած կազմին եւ մարզիկներուն նշանակած կէտերուն, անիկա ցոյց տուաւ հետեւեալ պատկերը.
Տիոն Տիքսըն (37′ 50″, 25 կէտ եւ 3 ռիպաունտ), Հայկ Խաչերեան (5′ 27″), Սեւակ Քեթենճեան (16′ 23″, 3 ռիպաունտ), Ռալֆ Աքըլ (10′ 46″), Մարք Քորճեան (4′ 07″, 1 ռիպաունտ), Թերենս Լիթըր (40′, 17 կէտ եւ 16 ռիպաունտ), Հայկ Կէօքճեան (27′ 39″, 10 կէտ եւ 2 ռիպաունտ), Ռուտի Ֆարրաժ (28′ 05″, 4 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (29′ 38″, 6 կէտ եւ 10 ռիպաունտ):
Իսկ Պիպլոսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճեսմըն Եանկպլատ (17):
Նշենք, որ օրուան իրաւարարներն էին Ռապահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Զիատ Թաննուս:
Երէկ տեղի ունեցած այլ ճակատում մը աւարտեցաւ Ամշիթի յաղթանակով. վերջինս ՀՄԸՄ-ի նման արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` դարձի մրցումներուն 91-79 արդիւնքով յաղթելով Հուփսին: Ամշիթի խմբապետ Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 29 կէտ:

