Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Տարեկան Համագումարին. Վաչէ Ծատուրեան Պաշտօնապէս Ստանձնեց Իր Վկայականը

Վաչէ Ծատուրեան (ձախին) եւ Ժան Համմամ
PROFOTO
«Հիլթըն-Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ (Սին էլ Ֆիլ) Լիբանանի ողիմպիական կոմիտԷն գումարեց իր տարեկան համագումարը` ներկայութեամբ անոր անդամակցած 29 ֆետերասիոններէն 18-ին, ինչ որ համագումարը օրինական կը դարձնէր:
Օրակարգին վրայ եղող բազմաթիւ հարցեր քննարկելէ ետք, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, մարզական կազմակերպութիւններու վարչագիտութեան մագիստրոսի վկայական մը (“MEMOS”) յանձնեց Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանին, միեւնոյն ժամանակ մաղթելով, որ ան յառաջիկային յաւելեալ եւ աւելի բարձր վկայականներ ձեռք բերէ:
Նմանօրինակ վկայական մը ստացաւ նաեւ Լիբանանի ազգային խումբին եւ Ռիատի Պէյրութի մաս կազմող Սապին Ֆախուրի:
Նշենք, որ այս համագումարին Ժան Համմամ յատուկ զեկուցում մըն ալ ներկայացուց ժողովականներուն, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար զօր. Ապտել Մութալլեպ Հեննաուիի հետ իր եւ կոմիտէի պատուիրակութեան անդամներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին որ, ըստ Համմամի, եղած է բաւական դրական եւ շինիչ:

