«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Պորուսիա Տորթմունտ Եւս Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Ռոպին Վան Փերսի

Ռոպին Վան Փերսի

Երէկ գիշեր ամբողջացան քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը ապահոված խումբերը, երբ Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Պորուսիա Տորթմունտ եւս անցան յաջորդ հանգրուան:

Մանչեսթըր Եունայթըտ երթին իր կրած պարտութիւնը (2-0) վերածեց յաղթանակի եւ 3-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` նոր Յունաստանի ախոյեան հանդիսացած Օլիմփիաքոսը եւ մեծ քայլերով շրջանցեց այս հանգրուանը:

Անգլիական կազմին հերոսը հանդիսացաւ Ռոպին Վան Փերսի, որ հեթրիք մը իրագործեց (25-րդ` փենալթիով, 45-րդ եւ 52-րդ):

Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, թէեւ Պորուսիա Տորթմունտ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկէն, սակայն միացաւ յաջորդ հանգրուանին հասնող խումբերուն, որովհետեւ երթին 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES