Յատուկ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. Լիբանանի Մոթորսայքլինկի Ֆետերասիոնը Հրապարակեց Նոր Տարեշրջանի Ախոյեանութեան Իր Յայտագիրը
Ներկայութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներուն, «Պու Խաթեր Քէյ. Թի. Էմ.» ընկերութեան, մարզական լրագրողներու եւ հրաւիրեալներու, Լիբանանի մոթորսայքլինկի ֆետերասիոնը տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուց իր ծրագիրը եւ հրապարակեց նոր տարեշրջանի ախոյեանութեան իր յայտագիրը:
«Պու Խաթեր» ընկերութեան կողմէ խօսք առնելով` Նիքոլա Պու Խաթեր ըսաւ, որ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-էն ետք այժմ կարգը հասած է գործակցելու Լիբանանի մոթորսայքլինկի ֆետերասիոնին հետ, որպէսզի անիկա յաւելեալ յաջողութիւն կարենայ ձեռք ձգել:
Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի մոթորսայքլինկի ախոյեանութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ չորս հանգրուան, պիտի սկսի 13 ապրիլին` Շեքքայի, Քֆարթըպնիթի եւ Պաքորթայի վազքուղիներուն վրայ:
Աւարտին յայտարարուեցաւ նաեւ, որ շուրջ 350 մոթորսայքլ վարողներ շատ մօտէն հետաքրքրուած են այս մարզով եւ լուրջ փորձեր կը կատարեն:

PROFOTO

