Ռիքարտ Որոշեց Աւարտել Մարզիչի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը
Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Ֆրանք Ռիքարտ որոշեց այսուհետեւ չաշխատիլ ֆութպոլի աշխարհին մէջ, որպէսզի կեդրոնանայ այլ զբաղումներու վրայ:
51 տարեկան հոլանտացին, որ երկու անգամ ճանչցուած է իբրեւ աշխարհի եւ Սպանիոյ լաւագոյն մարզիչը, չուզեր շարունակել մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը, ըսած է ան` իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին:
Armsport.am կը մէջբերէ անոր խօսքերէն հետեւեալ բաժինը. «Որոշեցի վերջ մը դնել մարզիչի իմ արհեստավարժ ասպարէզիս: Ես այն անձերէն չեմ, որոնք կ՛ուզեն աշխատիլ մինչեւ 60 տարեկան: Շնորհակալ եմ, այն բոլոր բաներուն համար, որոնք ֆութպոլը տուաւ ինծի, եւ կը գնահատեմ իմ նուաճումներս: Այժմ մտադիր եմ կեանքս նուիրել այլ բաներու, բայց եւ այնպէս մրցումներուն պիտի շարունակեմ հետեւիլ»:
CATEGORIES Մարզական

