Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Պարաղեմ Նապաթիէ Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ
Լիբանանի փինկ փոնկի կրտսերներու ախոյեանութեան (18 տարեկանէն վար) աւարտական հանգրուանի մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Պարաղեմ Նապաթիէն եւ Նատուա Քումաթիէն, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով, որ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը, յաջողեցաւ տիտղոսը պահել իր մօտ:
3-րդ դիրքը գրաւեց Անդրանիկ Պէյրութ, իսկ 4-րդ դիրքը` Շարթիէ Տար Նուր – Տահր Այն:
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ եւ հսկողութեամբ, Մոն լա Սալի մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան մասնակցեցան 36 ակումբներ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին անդամներուն:
CATEGORIES Մարզական

