Վիլաս – Պոաս Համաձայն Գտնուեցաւ Ըլլալու Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի Մարզիչը

AVB_2855023b«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Չելսիի եւ Ասթոն Վիլայի նախկին մարզիչ Անտրէ Վիլաս-Պոաս համաձայն գտնուեցաւ ստանձնելու ռուսական խումբերէն Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի մարզիչի պաշտօնը` որոշելով այս շաբաթ երկու տարեշրջանի համար պայմանագրութիւն մը ստորագրել:

Փորթուգալցին, պիտի փոխարինէ Լուչիանօ Սփալեթթին, որ այս ամիս պաշտօնազրկուեցաւ: Անոր պաշտօնը այժմ ժամանակաւորապէս կը կատարէ օգնական մարզիչ Սերկէյ Սեմաք:

Ռուսական ակումբին հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 36 տարեկան Վիլաս – Պոաս, հանրութեան պիտի ներկայացուի այսօր: Ան տարեկան պիտի գանձէ 8,5 միլիոն եւրօ:

 

Share this Article
CATEGORIES