Մուրինիօ Կը Գլխաւորէ Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Մարզիչներու Հնգեակը
Իր լուրը քաղելով «Ֆրանս ֆութպոլ» մարզաթերթէն` ArmSport.am կայքը կը յայտնէ, որ Չելսիի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ կը շարունակէ գլխաւորել աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիչներու հնգեակը:
Փորթուգալցի մասնագէտը ներկայ դրութեամբ տարեկան կը գանձէ 17 միլիոն եւրօ, այսինքն` 3 միլիոն եւրօ աւելի, քան ինչ որ կը գանձէր, երբ Ռէալ Մատրիտի մարզիչն էր:
Պայէրն Միւնիխի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա երկրորդն է (15 միլիոն եւրօ), իսկ Ռոպերթօ Մանչինի (Կալաթասարայ)` երրորդը (14 միլիոն եւրօ):
Լաւագոյն հնգեակին մէջ են նաեւ Քարլօ Անչելոթթի (Ռէալ Մատրիտ) եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ֆապիօ Քափելլօ:
CATEGORIES Մարզական

