Ռուսամէտ Զինեալներ Գրաւեցին Սեւասթոփոլի Մէջ Գտնուող Ուքրանական Ծովուժի Ռազմակայանը

Sevastopol-19032014Ռուսամէտ գործիչներ երէկ գրաւեցին Սեւասթոփոլի մէջ գտնուող ուքրանական ծովուժի կեդրոնատեղին: Ուքրանական ծովուժի ղեկավար Սերհիյի Հայտուք ձերբակալուեցաւ եւ ուքրանական դրօշը կեդրոնէն վար առնուեցաւ: Անոր տեղ բարձրացուեցաւ ռուսական դրօշը: Կեդրոնի ուքրանական անձնակազմի բազմաթիւ անդամներ իրենց անձնական իրերով հեռացան զօրանոցէն:

Շուրջ 200 անձեր զօրակայան ներխուժելով ներկայացան ուքրանական աւագ պատասխանատուներու հետ բանակցելու: Քիեւ իր զինուորներուն հրամայեց տեղւոյն վրայ մնալ, սակայն շարք մը զինուորներ, ոմանք արցունքը աչքերուն, իրենց ապրանքները շալկած հեռացան կեդրոնէն: Այլ զինուորներ տակաւին կը գտնուին կեդրոնին մէջ եւ կը մերժեն անձնատուր ըլլալ: Աւելի ուշ, սակայն, Ուքրանիա որոշեց իր ուժերը հեռացնել Խրիմէն:

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ նոյնպիսի դէպք մը պատահած է Արեւմտեան Խրիմի մէջ գտնուող Նովօ¬Օզիոռն ծովուժի զօրանոցին մէջ:

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Իհոր Թենիուխ եւ առաջին փոխվարչապետ Վիթալի Եարեմա Խրիմ մեկնեցան լարուածութիւնը վնասազերծելու համար, սակայն Խրիմի օդակայանի իշխանութիւնները չարտօնեցին, որ անոնք Խրիմ մուտք գործեն:

Մինչ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Տումային փոխանցեց Խրիմի` Ռուսիոյ միացման շուրջ օրինագիծը, Ռուսիոյ սահմանադրական խորհուրդը յայտարարեց, որ Խրիմի` Ռուսիոյ միացման համաձայնագիրը ռուսական սահմանադրութեան համահունչ է: Ուքրանիան հրաժարեցաւ ԱՊՀ¬ի նախագահութենէն: Աւելի ուշ, այդ երկիրը դուրս եկաւ ԱՊՀ¬էն:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց. «Եթէ մեր գործընկերներէն մէկը միակողմանի կերպով պատժամիջոցներ հաստատէ, ապա մեր հետաքրքրութիւնը աշխարհի մէկ այլ բաժինին մէջ գտնուող գործընկերոջ մը վրայ պիտի կեդրոնացնենք: Աշխարհը միաբեւեռ չէ, ուստի տնտեսական այլ գործընկերներու վրայ պիտի կեդրոնանանք»:

Փեսքով ըսաւ, որ «Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան հաւանական պատժամիջոցները անընդունելի են»` շեշտելով, որ «Ռուսիա պիտի շարունակէ տնտեսական գործակցութեան ձեռք երկարել Եւրոպական Միութեան»:

«Մենք կ’ուզենք Եւրոպական Միութեան ու Միացեալ Նահանգներու հետ տնտեսական լաւ յարաբերութիւններ պահել, եւ Եւրոպական Միութեան հետ ունինք տնտեսական յարաբերութիւններ, որոնք մեզի կը ստիպեն անոր հետ լաւ յարաբերութիւններ պահպանել»:

ՕԹԱՆ¬ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն երեքշաբթի օր Ռուսիոյ հասցէին սուր քննադատութիւն կատարած էր` ըսելով. «Խրիմի ճանաչումը անօրինական եւ անթոյլատրելի է, եւ դաշինքի անդամ երկիրները չեն ընդունիր Խրիմի միացումը Ռուսիոյ»` աւելցնելով, որ «Ռուսիան կանգնած է վտանգաւոր ուղիի վրայ»:

ՕԹԱՆ-ի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ դաշինքը մտադիր չէ զօրքեր մտցնել Ուքրանիա եւ կը պնդէ տագնապի խաղաղ լուծումին վրայ: ՕԹԱՆ երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Ռուսիոյ քայլերը պաղ պատերազմի աւարտէն ետք Եւրոպայի ամէնէն վտանգաւոր սպառնալիքն են:

Կիւլ. «Խրիմը Նոր Պաղ Պատերազմի
Խթան Պիտի Հանդիսանայ»

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական «Այ.Էյդ.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Քոփենհակընի մէջ յայտարարած է, որ Խրիմի մէջ ստեղծուած իրավիճակը նոր պաղ պատերազմի խթան պիտի հանդիսանայ: Ան նշած է, որ պաղ պատերազմի սկսելու պարագային ոչ մէկ կողմ օգուտ պիտի ստանայ:

 

Share this Article
CATEGORIES