Եաալոն. «Ասատ Քնէյթրայի Ականահարման Հեղինակներուն Աջակցելուն Համար Սուղ Գին Պիտի Վճարէ»

Մոշէ Եաալոն
Իսրաէյլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Քընէյթրայի ականահարման հեղինակներուն աջակցելուն համար սուղ գին պիտի վճարէ»:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարեց, որ «իսրայէլեան բանակը Կոլանի մէջ ռմբակոծած է սուրիական բանակին ու ապահովական մարմիններու շարք մը դիրքեր, որոնք են կեդրոններ, սուրիական բանակին պատկանող հրետանիի դիրքեր, ինչպէս նաեւ անոր պատկանող մարզումի վայր մը»:
Ատրահի յայտնեց, որ «իսրայէլեան բանակը ինքնիրեն կը վերապահէ իր քաղաքացիները պաշտպանելու համար իր յարմար դատած ձեւով եւ ժամուն շարժելու իրաւունքը»:
Սուրիական բանակը յայտարարեց, որ Կոլանի դէմ երէկ առաւօտուն տեղի ունեցած իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով սուրիական բանակէն արձանագրուած է զոհ մը եւ 7 վիրաւոր:
CATEGORIES Միջազգային

