Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատի աղբիւրներ հերքեցին այն տեղեկութիւնները, թէ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդը 31 մարտին հրաւիրուած է նիստի մը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ ինք ոչ մէկ օժանդակութիւն տրամադրած է կամ հովանաւորութիւն ցուցաբերած Թրիփոլիի տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող զինեալներու պատասխանատուներուն: Ան աւելցուց, որ Թրիփոլիի մէջ փոսերը փորող կողմերը ինկած են իրենց փորած փոսերուն մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը չեն կրնար անտարբերութեամբ վարուիլ նախագահական ընտրութեան հետ: Ան աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը միջոց մըն է, եւ իրենք այդ նպատակով չեն ստեղծուած:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի կոչ ուղղեց ամէն ջանք ի գործ դնելու` Թրիփոլիի ապահովական կայունութեան ի խնդիր: Ան մաղթեց, որ քաղաքական ուժերն ու բանակի հրամանատարը ճիգ չխնայեն Թրիփոլիի ապահովութիւնը վերահաստատելու առնչութեամբ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ Պեքաայի մէջ կը տիրէ շատ վտանգաւոր կացութիւն` աւելցնելով, որ ինք մտահոգ է, որ Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքացիական պատերազմը կրնայ փոխադրուիլ Լիբանան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ամին Ուեհպէ կոչ ուղղեց բոլորին վերադառնալու լիբանանեան պետութեան հովանիին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ ու անոնցմէ պահանջած, որ բանակը մուտք գործէ Արսալ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ դառնալու ամէնէն ատակ թեկնածուներէն է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Եապրուտի մէջ Ահմետ Ասիրի ձերբակալումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են` աւելցնելով, որ Ասիր կը գտնուի Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սամիր Ժահժահ այս հանգրուանին ամէնէն ատակ անձնաւորութիւնն է հանրապետութեան նախագահ դառնալու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ երէկ գիշեր Լիբանանի տարածքին պատահած արարքները` Արսալի զօրակցութեան պատրուակով, կը միտին սպառել լիբանանեան բանակը եւ Լիբանանի մէջ համայնքային ու յարանուանական երկփեղկում յառաջացնել` երկիրը ուղղելու համար դէպի անորոշութիւն:

ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Ինտիփենտընթ» օրաթերթին համաձայն, Մաալուլայի մայրապետներուն ազատ արձակումը ամբողջացած է լիբանանեան քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն օժանդակութեամբ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Եապրուտի մէջ սուրիական բանակին հակակշիռի վերահաստատումին յաջորդող հանգրուանը անոր նախորդող հանգրուանին նման չէ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի շրջաններուն, յատկապէս Պընթ Ժպէյլի վերեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES