Եապրուտի Մէջ. Հըզպալլա Բացայայտած Է Ժապհաթ Նուսրայի Փաստաթուղթեր
«Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Եապրուտի մէջ Հըզպալլա բացայայտած է Ժապհաթ Նուսրայի պատկանող քարտէսներ եւ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերէին Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ գործուելիք ահաբեկչական հրէշային արարքներու:
Վերոնշեալ քարտէսներուն մէջ մանրամասնօրէն գծուած էին հարաւային Լիբանանի ճամբաները, որոնց վրայ գծուած էին նշաններ, իսկ փաստաթուղթերուն մէջ նշուած էր, թէ Սուրիոյ բանակին կողմէ Եապրուտը վերստանձնելէն ժամեր առաջ 15 ականուած ինքնաշարժներ դուրս եկած էին Եապրուտէն եւ Սուրիա-Լիբանան ապօրինի անցքերով փոխադրուած Լիբանան:
Նշենք, որ այդ անցքերը տակաւին կը մնան զինեալներուն հակակշիռին տակ:
Այս առումով Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ հետապնդելու այդ ինքնաշարժները` զանոնք բացայայտելու եւ վնասազերծելու նպատակով:
Ըստ «Ժումհուրիա»-ի Հըզպալլա գտած է նաեւ Ժապհաթ Նուսրան եւ զինեալ խմբաւորումները ֆինանսաւորող ու հովանաւորող կողմերը բացայայտող վտանգաւոր փաստաթուղթեր, որոնք պիտի հրապարակուին Հըզպալլայի ղեկավարութեան կողմէ յարմար նկատուած պահուն:

