Ապպաս Իպրահիմ. «Առեւանգուած Երկու Եպիսկոպոսներուն Ազատ Արձակման Հոլովոյթը Ճիշդ Հունի Մէջ Կը Գտնուի»
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն ազատ արձակման հոլովոյթը ճիշդ հունի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է կարգ մը մանրամասնութիւնները գաղտնի պահել, որպէսզի կարելի ըլլայ դիւրացնել եպիսկոպոսներուն ազատ արձակումը:
Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործած սուրիացի քաղաքացիները խոստովանած են, որ իրենք կը պատկանին ահաբեկչական ցանցի մը:
CATEGORIES Լիբանանեան

