Բանակը Մուտք Գործեց Արսալ

arsal-19032014Լիբանանեան բանակի    անկարգելաւորներու ջոկատ մը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն յաջողեցաւ բանալ Արսալ-Լապուէ փակուած ճամբան եւ սկսաւ մուտք գործել Արսալ:

Բանակի այլ զօրամաս մը ուղղուեցաւ Ուատի Աթա, որ Սուրիոյ Ֆլիթա շրջանին սահմանամերձ շրջան մը կը նկատուի:

Այս ձեւով բանակը կեդրոնական եւ հիւսիսային Պեքաայի մէջ սկսաւ դիրքաւորուելու արշաւի մը:

Բանակը բացաւ նաեւ Քապ Էլիասի, Ամմիքի, Ժտիթայի, Շթորայի եւ Սաատնայէլ-Թաալպայայի ճամբաները:

Իր դիրքաւորումին կողքին սակայն, բանակը Արսալի մէջ ներխուժումներ չկատարեց:

Արսալի բնակչութիւնը լիբանանեան բանակը դիմաւորեց ծաղիկներով եւ բրինձով, ինչպէս նաեւ ոչխարներու զենումով:

Նշենք, որ Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութեան պատկանող ոչ մէկ զինեալ Արսալ մուտք գործած է: Ան ըսաւ, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ հիւսիսային Պեքաայի մէջ ճամբաներու փակումը, որովհետեւ իրենք դրացիներ են եւ կարելի չէ նման վարուելակերպ ցուցաբերել:

Իր կարգին, Արսալի փոխքաղաքապետ Ահմետ Ֆլիթի շեշտեց, որ իրենք չորս օրէ ի վեր Արսալի մէջ շրջափակուած են` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակն է, որ Արսալ-Ռաս Պաալպեք ճամբան փակած է:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը պէտք է մուտք գործեն Արսալ եւ դուրս շպրտեն հոն ապաստանած բոլոր զինեալները:

Պըրրի կոչ ուղղեց նաեւ Արսալի եւ անոր շրջակայ գիւղաքաղաքներուն միջեւ հաշտութիւն գոյացնելու:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Արսալի մէջ ներքին ապահովութեան ուժերուն թիւը բարձրացուցած է 40 ոստիկանով` աւելցնելով, որ ինք քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ համադրած է երկրին ապահովական կայունութեան վերահաստատման կարելիութիւնը եւ ընդգծած, որ ինք ներկայիս Հըզպալլայի հետ ոչ մէկ կապ ունի:

Անհրաժեշտ է աւելցնել, որ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ նախքան խորհրդարանի լիագումար նիստը, խորհրդարանին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ իրենք մնայուն կերպով պահանջած էին, որ բանակը դիրքաւորուի Արսալի մէջ:

Հաժ Հասան շեշտեց, որ Արսալի մէջ բանակին դիրքաւորումը կ՛օժանդակէ կացութիւնը ներքին առումով հակակշռելու եւ Արսալի դէմ չարիք գործողները ձերբակալելու:

Ան ընդգծեց, որ Արսալի մէջ բանակին դիրքաւորման պահանջը ազգային պահանջ է` աւելցնելով, որ Լապուէ-Արսալ ճամբան Լապուէի բնակիչներուն կողմէ գոցուած էր Պաալպեք-Հերմելի բնակչութեան դէմ գործուող ահաբեկչական արարքներուն պատճառով:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Արսալը մեկուսացնելը եւ զայն ապօրինի շրջան նկատելը անարդար է:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Արսալը ահաբեկչութեան ապաստան նկատուող գիւղաքաղաք մը ըլլալէ պէտք է դադրի եւ վերածուի բանակին պաշտպանութիւնը վայելող լիբանանեան շրջանի մը:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը մեծ պիտի ըլլայ` Արսալի մէջ տիրող կացութիւնը հակակշռելու իմաստով:

 

Share this Article
CATEGORIES