Պաապտայի Մէջ Ապահովական Նիստ` Նախագահութեամբ Միշել Սլէյմանի

Ապահովական արտակարգ նիստէն պահ մը
Երէկ առաւօտեան ժամը 8:45-ին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Պաապտայի մէջ նախագահեց ապահովական արտակարգ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Թամմամ Սալամ:
Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարներ Սամիր Մուքպել եւ Նուհատ Մաշնուք, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնը փոխարինող հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Էտմոն Ֆատել եւ այլ պատասխանատուներ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը, յատկապէս Թրիփոլիի եւ Պեքաայի պարագային:
Ապահովական կառոյցներէն պահանջուեցաւ յաւելեալ խստութեամբ հսկել երկրին ապահովական կայունութեան եւ որդեգրել այնպիսի միջոցառումներ, որոնք երաշխաւորեն շրջաններուն մէջ ապահովական կայունութեան վերահաստատումը:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սալամի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի լիագումար նիստին կապուած հարցեր:

