Կառավարութեան Ծրագիրի Քննարկման Առաջին Օրուան Ընթացքին. Խօսք Առնող Երեսփոխաններուն Մեծամասնութիւնը Վստահութիւն Շնորհեց, Հակառակ Կատարուած Քննադատութեան
Կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի նիստերը երէկ սկսան նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Խորհրդարանի նիստին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ առաւօտեան ժամը 10:30-ին` ներկայութեամբ երեսփոխանական տարբեր պլոքներու անդամներուն:
Ներկայութեամբ խորհրդարանի եւ նորակազմ կառավարութեան անդամներուն` վարչապետ Թամմամ Սալամ ներկայացուց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը` շեշտելով, որ կառավարութիւնը կը խնդրէ խորհրդարանին վստահութեան քուէն, որպէսզի կարենայ ապահովել Լիբանանի շահերը` նկատի ունենալով, որ անիկա ազգային շահերու կառավարութիւն է:
Ան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող զգայուն կացութեան, յատկապէս Արսալի եւ լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ ճամբաները փակելու իրականութեան, որ տիրական էր նախանցեալ երեկոյեան:
Վարչապետը հաստատեց, որ այս իմաստով կառավարութիւնը արագ քայլերու պիտի ձեռնարկէ, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ պիտի դիմէ որոշ քայլերու` սանձելու համար երկրին մէջ տեղեկատուական մարզին հրահրած գրգռութիւնները:
Թամմամ Սալամ նշեց, որ կառավարութիւնը ճիգ պիտի չխնայէ լիբանանեան բանակը զինելու եւ անոր կարողութիւնները բարելաւելու իմաստով: Ան շեշտեց նաեւ ազգային միասնականութեան ու երկխօսութեան կառչած մնալու եւ համայնքային թէ յարանուանական բանավէճերէն հեռու մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Վարչապետը ըսաւ, որ իր կառավարութիւնը արտակարգ ուշադրութիւն եւ ճիգ պիտի յատկացնէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով, ինչպէս նաեւ անշեղ պիտի մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութենէն:
«Ազգային շահերու կառավարութիւնը պիտի ջանայ ապահովել Լիբանանի ծովային տարածքէն քարիւղ եւ բնական կազ արտահանելու արտօնագիրները», ըսաւ Սալամ:
Սալամի արտասանած խօսքէն անմիջապէս ետք խօսք առաւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ անդրադարձաւ այս հանգրուանին Թրիփոլիի մէջ տիրող իրականութեան, որ շատ վտանգաւոր է. ան կոչ ուղղեց կառավարութեան կառչած մնալու Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին:
Միքաթի բարձր գնահատեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը եւ կառավարութեան կազմութիւնն ու աշխատանքային ծրագիրին մշակումը. ան իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ, որ մերժեց կառավարութեան շնորհել իր վստահութեան քուէն:
Ժահժահ իր երկար խօսքին մէջ բաղդատութիւն մը կատարեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի դիմադրութիւններուն միջեւ, ինչպէս նաեւ բաղդատութիւն մը կատարեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ:
Ի վերջոյ ան ընդգծեց լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը գերակշիռ դարձնելու կարեւորութիւնը:
«Մենք կառավարութեան աշխատանքը պիտի չխոչընդոտենք, սակայն անոր մեր վստահութեան քուէն պիտի չշնորհենք», ըսաւ Ժահժահ:
Երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհեց` նկատի ունենալով, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ չափաւորականութեան խորհրդանիշ է: Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան վերադառնալու պետութեան սկզբունքին` աւելցնելով, որ Հըզպալլա պէտք է Սուրիայէն վերադառնայ Լիբանան:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին անունով խօսք առաւ համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ իր վստահութիւնը շնորհեց կառավարութեան` նկատի ունենալով, որ անիկա ազգային միասնականութեան կառավարութիւն է:
Ան ընդգծեց սահմանադրական ժամկէտները յարգելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով:
Քանաան շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւններու կայացումը հիմնական աշխատանք է` պահպանելու համար երկրին պետական հաստատութիւնները, քրիստոնեայ համայնքին դերակատարութիւնն ու երկրին ժողովրդավարութիւնը:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի անդրադարձաւ Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դառնալուն վերջ տալու կարեւորութեան` նշելով, որ ոչ ոք ուրիշը կրնայ ջնջել, «հետեւաբար, պէտք է միասնաբար կերտենք պետութիւնը, որ բոլորս կը փրկէ փորձանքներէ», ըսաւ ան:
Ան վարչապետ Սալամի կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհեց, որովհետեւ անիկա ազգային շահերու կառավարութիւն է:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի կոչ ուղղեց շարունակելու բնական կազի եւ քարիւղի պեղման աշխատանքը եւ կառավարութեան շնորհեց իր վստահութեան քուէն:
Երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր կոչ ուղղեց կատարելու այնպիսի երկխօսութիւն մը, որուն շնորհիւ կարելի ըլլայ Լիբանանի մէջ պետութեան տրամաբանութիւնը վերահաստատել: Ան իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան:
Երեսփոխան Ալաէտտին Թըրրօ Ազգային պայքարի ճակատ պլոքին վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան` մաղթելով, որ կառավարութեան կազմութիւնն ու աշխատանքը ըլլայ աւելի լուրջ լուծումներու յանգելու նախաքայլը:
Երեսփոխան Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող այսօրուան ապահովական խախտումներուն պատճառը բանակը երկրին սահմաններուն վրայ չդիրքաւորելն է:
Ան իր կարգին վստահութեան քուէ շնորհեց կառավարութեան:
Երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ մերժեց կառավարութեան իր վստահութեան քուէն շնորհել` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը փաստած է, որ ինք արաբերէն լեզուի կառավարութիւն է:
Երեսփոխան Էլի Մարունի մերժեց պետութեան մէջ փոքր պետութիւն մը ստեղծելու ծրագիրները եւ կոչ ուղղեց կառավարութեան Զահլէի բարգաւաճումը նկատելու իր առաջնահերթութիւնը:
Ան մերժեց կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհել:
Երեսփոխան Ասեմ Արաժի զգուշացուց Արսալի եւ անոր շրջակայքին մէջ տիրող կացութենէն` աւելցնելով, որ այդ շրջանին կացութիւնը հասած է շատ վտանգաւոր հանգրուանի:
Երեսփոխան Ֆատի Քարամ մերժեց վստահութիւն շնորհել կառավարութեան` նշելով, որ կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրը չէզոք է, մոխրագոյն եւ ինքզինք զերծ կացուցած է երկրին մէջ տիրող հարցերէն:
Առաւօտեան նիստը աւարտեցաւ յետմիջօրէի ժամը 2:45-ին:
Իսկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, խորհրդարանը սկսաւ իր երկրորդ նիստին, որուն սկիզբը խօսք առաւ երեսփոխան Էլի Քէյրուզ. ան մերժեց կառավարութեան իր վստահութիւնը շնորհել` ընդգծելով, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը փոփոխութեան նշոյլն իսկ իրականացնելու առիթ չունի:
Մարատա հոսանքի երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ բանակը միակ երաշխիքն է Լիբանանը փրկելու անոր թշնամիներուն հետ ընթացող որեւէ տագնապէ կամ պատերազմէ:
Երեսփոխան Հանրի Հըլու կոչ ուղղեց կառավարութեան նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած թուականին կատարելու եւ կառավարութեան շնորհեց իր վստահութիւնը:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ կոչ ուղղեց կառավարութեան պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ եւ ընդգծելու ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը: Ան իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան:
Երեսփոխան Մարուան Ֆարես հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնն է իրենց երաշխիքը` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի դէմ յարձակումը համազօր է բոլոր դիմադրողներուն դէմ յարձակումին:
Երեսփոխան Սամիր Ժսըր իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութեան` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի ապահովական ծրագիրը պէտք է սկսի գործադրուիլ ապահովական կառոյցներու բոլոր պետերուն փոփոխութեամբ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի կոչ ուղղեց իմաստուն գտնուելու եւ Լիբանանը պաշտպանելու իսրայէլեան վտանգներէն: Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան վաւերացնելու տարէցներու ապահովագրութեան օրէնքը:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր կառավարութեան շնորհեց իր վստահութեան քուէն եւ յոյս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնները կատարելու մթնոլորտ կը ստեղծուի երկրին մէջ:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Թոնի Ապու Խաթեր պահանջեց լիբանանեան բանակին դիրքաւորումը Լիբանանի սահմաններուն վրայ եւ մերժեց վստահութեան քուէ շնորհել կառավարութեան:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա կոչ ուղղեց պետութեան կառոյցները ազատագրելու միլիսներուն իշխանութենէն: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք կառավարութեան մէջ կա՞ն անհատներ, որոնք համաձայն են Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի չէզոք կեցուածքին` աւելցնելով, որ կառավարութեան մէջ ոմանք ուղղակի մասնակից են Սուրիոյ պատերազմին եւ Լիբանանը կ՛առաջնորդեն դէպի պայթումներն ու ահաբեկչական գործողութիւնները:
Քապպարա իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան:
Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Զիատ Քատիրի, որ շեշտեց, թէ Լիբանանի թշնամին միայն Իսրայէլն է` աւելցնելով, որ Արսալի բնակիչները ահաբեկիչներ չեն: Ան շեշտեց, որ մերժելի է Արսալը ոտնակոխել, պարզապէս որովհետեւ Դիմադրութիւնը իր պատերազմի ուղղութիւնը շեղած է:
Քատիրիի խօսքէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ կը փակէ նիստը` յայտարարելով, որ խորհրդարանի երրորդ նիստը պիտի սկսի այսօր առաւօտեան ժամը ճիշդ 10:30-ին:

