Կառավարութիւնը Երկխօսութեան Կը Հրաւիրէ «Դէմ Եմ Պարտադիրին» Շարժումը

«Դէմ եմ պարտադիրին» շարժումի անցեալ շաբթուան իրազեկման երթէն (Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

«Դէմ եմ պարտադիրին» շարժումի անցեալ շաբթուան իրազեկման երթէն
(Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ երկխօսութեան հրաւիրեց «Դէմ եմ պարտադիրին» շարժումի անդամները` ընդունելով, որ պարտադիր կենսաթոշակային համակարգին վերաբերող օրէնքներուն մէջ թերութիւններ կրնան ըլլան:

«Մենք  կը յայտարարենք, որ պատրաստ ենք երկխօսութեան, որովհետեւ այն դիրքորոշումը` կա՛մ ամէն ինչ, կա՛մ ոչինչ, անընդունելի է ինչպէս մեզի համար, նոյնպէս ալ քաղաքացիական հասարակութիւնը ներկայացնող պատասխանատու երիտասարդներուն  համար», կառավարութեան նիստին ժամանակ ըսաւ վարչապետ Սարգսեան:

«Կ՛ընդունինք, որ մեր օրէնքները` մանաւանդ ամէնէն բարդ բարեփոխումին վերաբերող օրէնքները չեն կրնար ըլլալ առանց թերութիւններու: Բնականաբար, այդ օրէնքներուն մէջ կան թերութիւններ, զորս կը մատնանշեն նաեւ մեր ընդդիմախօսները: Մենք կը յայտարարենք, որ ճիշդ ճամբան երկխօսութեան ճամբան է, եւ կը հրաւիրենք մեր երիտասարդ գործընկերները` «Դէմ եմ» շարժման ներկայացուցիչները այդ երկխօսութեան»,  աւելցուց Տիգրան Սարգսեան:

«Մեզի կ՛ոգեւորէ այս երիտասարդական աշխուժութիւնը: Հասկնալի է, որ տարբեր քաղաքական ուժեր կը փորձեն օգտագործել ատիկա, բայց այն, որ երիտասարդները զերծ կը մնան խնդիրներու քաղաքականացումէն, նոյնպէս կը վկայէ այն մասին, որ այս երկխօսութիւնը խիստ կարեւոր է մեր պետութեան ապագային համար»,  նշեց վարչապետը: Ան յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը ձեւաւորուի քաղաքացիական հասարակութիւն, որ կը թելադրէ իր կանոնները եւ ատիկա  կը  նշանակէ, որ կառավարութիւնը պէտք է իր գործունէութիւնը շտկէ եւ դարձնէ այնպիսին, որ հաշուի առնուի, թէ կառավարութեան կարեւորագոյն խնդիրն է նպաստել եւ խթանել քաղաքացիական հասարակութեան կայացումը:

Share this Article
CATEGORIES