Չորս Ոչ Իշխանական Խմբակցութիւնները Ընդհանուր Յայտարարի Եկան
Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի չորս ոչ իշխանական խմբակցութիւնները դռնփակ հերթական նիստին որոշում տուած են Հայաստանի կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու վերաբերեալ:
Այդ նպատակով պիտի կատարուի ստորագրահաւաք` կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու մասին նախագիծը 28 ապրիլին Ազգային ժողովի քառօրեայի օրակարգին մէջ ներառելու համար:
Որոշում տրուած է նաեւ մասնակցիլ «Դէմ եմ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան կազմակերպած հանրահաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ 22 մարտին:

