Նախագահ Սարգսեան Փութինի Հետ Քննարկեց Խրիմի Հարցը

Sargsian_PutinՀայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկեցին հայ-ռուսական երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ շրջանային օրակարգի շարք մը արդիական հարցեր, անդրադարձան Հայաստանի` Մաքսային միութեան միանալու որոշումէն ետք այդ ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքին:

Նախագահները միտքեր փոխանակեցին ուքրանական ճգնաժամի եւ անկէ դուրս ելլելու ուղիներուն վերաբերեալ: Այդ ծիրին մէջ զրուցակիցները անդրադարձան Խրիմի հանրաքուէի կայացումէն ետք ստեղծուած իրավիճակին եւ արձանագրեցին, որ ատիկա կը հանդիսանայ ազատ կամքի արտայայտութեան միջոցով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկման հերթական օրինակը: Միաժամանակ ընդգծուեցաւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն ու սկզբունքներուն, նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, նուիրուածութեան կարեւորութիւնը:

Երկու նախագահները նաեւ քննարկեցին ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը: Հայաստանի նախագահը բարձր գնահատեց Ռուսիոյ գործունէութիւնը` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր եւ ընդգծեց համանախագահներու միացեալ ջանքերուն կարեւորութիւնը` միտուած տագնապի խաղաղ լուծման: Նախագահ Սերժ Սարգսեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը շարունակելու տագնապի լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հետ միացեալ աշխատանքը:

 

Share this Article
CATEGORIES