Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մնացէք ձեր այն որոշումին վրայ, որ կը վերաբերի տնային հարցի մը կամ ժառանգական խնդրի մը: Առանց աղմուկի` լուրջ վերաբերում ունեցէք այս մասին:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Որքան որ կրնաք օժանդակել լքեալ անձի մը, կատարեցէք: Կարեւոր չէ տրուելիք գումարին չափը, այլ` ձեր բարեացակամ վերաբերումը այդ անձին:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր պաշտօնական թուղթերը կարգի բերէք, որպէսզի առանց յետաձգումի ներկայացնէք հոն, ուր պէտք է: Ուշադիր եղէք, որպէսզի ոչինչ մոռնաք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ զգաք, որ ձեր ծանօթներէն մէկը պաղ տրամադրութեամբ կը յարաբերի ձեզի հետ, մոռցած է իր մտերմութիւնը, հասկցէք այս իրողութեան պատճառը` ուղղակի դիմելով իրեն: Թիւրիմացութիւն մը կրնայ ըլլալ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Թեթեւ անհանգստութիւն մը յուսալքումի տրամադրութիւն ստեղծած է ձեր հոգեբանութեան մէջ: Սթափեցէք, դուրս ելէք ձեր շրջապատէն, միացէք ձեր զուարթ բարեկամներուն: Ընկրկումը հեռացուցէք ձեր սրտէն ու միտքէն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ունիք շնորհներ, զորս չէք արտայայտած: Արուեստասէր էք, հետեւաբար արուեստի մարզին վերաբերեալ ձեր թաքուն ձիրքերը ցոյց տուէք առանց վախի:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կը կարծէք, որ օրերը գեղեցիկ չեն եւ մատնուած էք ձախողութեան: Օրէ օր ձեր մէջ արմատացող այս կարծիքը հեռացուցէք ձեր միտքէն: Ուրիշներ եւս ունին այսպիսի հարցեր, բայց չեն յուսահատիր: Յոռետեսութիւնը հիւանդութիւն է:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յիշեցէք ձեզի հարազատ անձի մը ծննդեան տարեդարձը, նուէր մը ընծայեցէք անոր` առանց նախօրօք իմացնելու ձեր այցելութիւնը: Ան շատ պիտի հրճուի ձեր անկեղծ վերաբերումէն: Բարին յիշելը առողջ կը պահէ ձեզ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մաքրասիրութիւնը պայման է ընտանեկան թէ անձնական առողջապահութեան համար: Մնացէք բնական արժեւորումով, առանց չափազանցութեան մատնուելու: Բծախնդրութիւնը երբեմն խանգարիչ է:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ մտածէք վաղուան մասին: Եթէ հաւատացեալ էք, դիմեցէք Աւետարանին, ուր գրուած է այս մասին, օրինակ առնելով թռչուններու կեանքէն: Հաւատքը կը զօրացնէ հոգին:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ֆիզիքական ծանրութեան հոգ տարէք, մնացէք չափի սահմանին մէջ: Հեռու մնացէք իւղոտ, պարարտ ճաշերէ: Եթէ սնունդի պակաս կը զգաք այդ կապակցութեամբ ուժ տուէք պտուղին եւ սննդարար ճաշերու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձախողութեան մատնուած կամ հիւանդ բարեկամի մը պիտի այցելէք` ձեր մխիթարական խօսքերը փոխանցելու: Նման այցելութիւններ չեն մոռցուիր առանձին ապրող անձերու պարագային:

Share this Article
CATEGORIES