50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1964)
Հանրագիտական
Հայկական Հին Քաղաքներ
ԵՐԻԶԱ.- Հին ատենները Բարձր Հայոց Եկեղեցւոյ գաւառին մէջ կառուցուած այս քաղաքը հայկական մեհեաններու կեդրոնավայր մըն էր: Այնտեղ հաստատուած էր Անահիտի կամ Արտեմիսի ոսկի արձանը, որ գարնան եւ աշնան մեծահանդէս թափօրով կը պտտցուէր քաղաքին մէջ: Այդ տօնախմբութիւններուն մէկուն միջոցին էր, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի քրիստոնէութիւնը յայտնուեցաւ, Ս. Գրիգոր, որ Տրդատի զինակիցն էր, մերժեց դալար ոստեր ու ծաղիկներ նուիրել դիցուհիին եւ այդ պատճառով նետուեցաւ Խոր Վիրապ: Յետոյ, երբ Տրդատ քրիստոնէութիւնը ընդունեց, Ս. Գրիգոր Հայաստանի ուրիշ մեհեաններու հետ քանդել տուաւ նաեւ Անահիտի մեհեանը եւ անոր տեղ Աստուածածնայ նուիրուած տաճար մը կանգնեց:
ԱՐՏԱՇԱՏ.- Հին Հայաստանի մայրաքաղաքը, Այրարատայ Ոսկետան գաւառին մէջ: Ըստ Մովսէս Խորենացիի, Արտաշէս Բ. կառուցած է զայն. ուրիշ աւանդութիւն մը Արտաշատի հիմնարկութիւնը կը վերագրէ Արտաշիոս Հայկազն իշխանին, որ Արշակունեաց հարստութեան հաստատումէն առաջ ասորեստանցիներու կողմէ կուսակալ կարգուած էր Հայաստանի մէկ մասին: Քաղաքէն վեց մղոն հեռու կը գտնուի Խոր Վիրապը, ուր նետեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը: Է. դարու կէսին Ներսէս Գ. «Շինող» կաթողիկոսը (641-ին ընտրուած եւ 652-ին քաշուած, յետոյ` 658-661 դարձեալ կաթողիկոս) Խոր Վիրապին տեղը կը շինէ գեղեցիկ վանք մը. վանքը կը կոչուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անունով: Արտաշատէն այսօր քանի մը պատեր միայն կը մնան:
ԱՇՏԻՇԱՏ.- Հայաստանի պատմական քաղաքներէն մէկը, Տուրուբերանի Տարօն գաւառին մէջ, Եփրատի աջ կողմը բարձրացող Քարքէ լերան մէկ բարձրաւանդակին վրայ: Հին Հայաստանի մէջ դիցանուէր քաղաք մըն էր, անուանի իր մեհեաններով: Այնտեղ կը գտնուէր Վահէվահեան մեհեանը, ուր հաստատուած էր Հերակլէսի արձանը. այնտեղ կը գտնուէին նաեւ Անահիտի եւ Աթենասի մեհեանները: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կործանել տուաւ բոլոր մեհեանները եւ Աշտիշատի մէջ հիմնեց Հայաստանի անդրանիկ մայր եկեղեցին, որ վերջին «Աշտիշատի վանք» անունը ստացաւ իր մօտը կառուցուած վանքին պատճառով: Աւելի ուշ Աշտիշատ դարձաւ լուսաւորութեան կեդրոն մը եւ գիտութեան վառարան մը, մանաւանդ` Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետին օրով:
ԱՐՏԱՄԷՏ.- Վասպուրականի մէջ պատմական նշանաւոր քաղաք մը: Արտաշէս Բ. երբ Սմբատ իշխանի առաջնորդութեամբ Պարսկաստան կը փախչէր հայկական գահը յափշտակող Երուանդ թագաւորի ձեռքէն, բաւական ժամանակ Արտամէտի մօտակայ քարաժայռի մը մէջ պահուըտած մնաց եւ յետոյ, Հայաստանի գահը բարձրանալով, Արտաշէս Բ. հոյակապ քաղաքի մը վերածեց Արտամէտը` ի յիշատակ իր ազատման:
ԱՐՄԱՒԻՐ.- Հին Հայաստանի ամէնէն նշանաւոր քաղաքներէն մէկը, կառուցուած էր համանուն բլուրի մը վրայ, Արարատի Արագածոտն գաւառին մէջ, ըստ աւանդութեան, Հայկ Նահապետի թոռան` Արմայիսի կողմէն: Արմաւիր նշանաւոր էր իր սօսիներով, որոնք մեծ յարգ կը վայելէին ու կը պաշտուէին հեթանոսութեան շրջանին: Մայրեր անոնց կը նուիրէին իրենց զաւակները, ինչպէս Արա գեղեցիկի զաւակը` Անուշաւան նուիրուեցաւ եւ «Սօսանուէր» կոչուեցաւ: Այս սօսիներու տերեւներուն շարժումներէն շատեր հմայութիւններ կ՛ընէին:
Քաղեց` ԱՐՕՐ
Հալէպ
Հաւաքոյթ
Լոս Անճելըսի Մէջ Բացուելիք Հայ
Բարձրագոյն Վարժարանի Համար
Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ հիմնուելիք Հայ բարձրագոյն վարժարանի օժանդակութեան կեդրոնական յանձնախումբին կազմակերպած մասնաւոր հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 18 մարտ 1964, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Նշան Փալանճեան ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ:
Ստուար թիւով հասարակութիւն մը, յանձնախումբերու անդամներ, շահագրգռուած հայրենակիցներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ ներկայ եղան այս հաւաքոյթին, որ հայապահպանման ձգտող մեծ նպատակի մը իրագործման համար կատարուող գործնական աշխատանքներու ճամբուն վրայ դէպի նպատակակէտին հասնող յաջողագոյն հանգրուաններէն մէկը եղաւ` իր ստեղծած լաւատեսութեամբ եւ խանդավառութեամբ:
Գաւաթ մը թէյի հիւրասիրութենէն ետք, կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ Հրաչ Տասնապետեան, հաւաքոյթը բանալով, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց այն մեծարժէք գործը, որուն լծուած է կեդրոնական յանձնախումբը` իրականացնելու համար Ամերիկայի մէջ հայ բարձրագոյն վարժարան մը հիմնելու ծրագիրը:
Կեդրոնական յանձնախումբին հիմնադիր անդամ եւ գաղափարը յղացող Գաբրիէլ Ինճէճիկեան տուաւ կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքներուն արդիւնքն ու ծրագիրը:
Խօսք առաւ նաեւ կեդրոնական յանձնախումբի անդամներէն Տէր Պալեան:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ յանձնախումբերու գործունէութեանց եւ գրահաւաքման աշխատանքները ցուցադրող ժապաւէն:
Հրաչ Տասնապետեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Նշան Փալանճեան Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեանը, Վահան Փափազեանը (Կոմս) եւ դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոսը, որոնք խօսք առնելով շեշտեցին այն կարեւոր դերը` անցեալի օրինակով եւ նուիրումի ոգիով, որուն պիտի լծուի Լոս Անճելըսի մէջ բացուելիք հայ բարձրագոյն վարժարանը` հայ լեզուն եւ մշակոյթը սորվեցնող առաջին կրթական հաստատութիւնը:
Դեր մը, որ վարակիչ պիտի դառնայ ամերիկահայ գաղութին մէջ եւ եկեղեցաշինութեան կողքին, մրցակցութեան ազգօգուտ ճամբով, պիտի բացուին բազմաթիւ կրթական հաստատութիւններ:
Յաջողութեան մաղթանքներ եղան յանձնախումբին, մանաւանդ` Գաբրիէլ Ինճէճիկեանին, որ քանի մը ամիսէն պիտի մեկնի Լոս Անճելըս, հոկտեմբերին, բացումը կատարելու վարժարանին:
Ներկաները լաւատեսութեամբ եւ խանդավառ եռանդով տրամադրուեցան, առաւել ճիգով նոր խոստումնագրեր ստորագրել տալու, նաեւ` շարունակելու գրահաւաքման աշխատանքը:
Հ.

