Արուեստի Աշխարհէն. Եգիպտոսի Անապատին Մէջ Մոռցուած «Ժապաւէնը»
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՆԱՊԱՏԸ ԱՄԷՆԷՆ ԱՆՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՎԱՅՐԸ ԿԸ ԹՈՒԻ ԸԼԼԱԼ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՍՐԱՀ ՄԸ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ… ԹԵՐԵՒՍ ՉԱՐ ԿԱՏԱԿ ՄԸ` ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆՔ «ՏԸ ՔՈԼՈՍԸԼ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ, ՈՒՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵՆ ՍԻՆԱՅԻ ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ ԼՔՈՒԱԾ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՍՐԱՀԻ ՄԸ ԳԵՐԻՐԱԿԱՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ:
Սինայի թերակղզիին հարաւային ծայրամասին, անապատային լեռնաշղթայի մը ստորոտին կը բացուի շատ իւրայատուկ եւ տարօրինակ տեսարան մը, որ բոլորովին անտեղի է. բացօթեայ շարժապատկերի սրահի մը հարիւրաւոր աթոռները կը տարածուին բոլոր ուղղութիւններով:
Վերջերս էսթոնիացի լուսանկարիչ Քաուփօ Քիքաս այցելած է լքուած վայրը եւ իրեն հետ բերած է փտող երազի մը զարմանահրաշ պատկերները: Ան իր պլոկին մէջ կը գրէ, թէ սրահը կառուցուած է ոչ շատ հեռաւոր անցեալին, Ֆրանսայէն բաւական հարուստ անձի մը կողմէ: Գահիրէէն թոներով աթոռներ եւ ելեկտրածին սարքեր, ինչպէս նաեւ հսկայական պաստառ մը փոխադրուած են կառուցելու համար այս սրահը:
Ամէն ինչ պատրաստ էր բացման գիշերը, սակայն մնացած էր փոքր հարց մը. տեղւոյն բնակիչները խանդավառ չէին ամբողջ ծրագիրով: Հետեւաբար անոնք ծածուկ խանգարած էին ելեկտրածին շարժակը… եւ մինչեւ այսօր ոչ մէկ ժապաւէն ցուցադրուած է:
Այժմ բացօթեայ սրահը բազմած է Սինայի անապատին կեդրոնը` իբրեւ պատահական սրահ մը, որ երբեք չէ գործածուած: Զայն կարելի է տեսնել նաեւ Կուկըլի քարտէսներուն մէջ (տեսնել վարի նկարը):




