Արուեստի Աշխարհէն. Երաժշտութիւնը` Իբրեւ Զէնք
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԽՐԻՄԻ ՄԷՋ ՈՒՔՐԱՆԱՑԻՔ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿԱԶԴԱԾ ԵՆ` ԲԱՐՁՐԱԽՕՍՆԵՐՈՎ ՍՓՌԵԼՈՎ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՓՈՓ ԵՐԳԻՉ ՇԵՐԻ ԵՐԳԵՐԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՅԻՇԱՏԱԿԷ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՄԱՆ ԴԷՊՔԵՐ, ԵՐԲ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԱԾ Է ԻԲՐԵՒ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԿԱՄ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԻՔ:
Վերջերս Ուքրանիոյ Ֆէոտոսիա գիւղաքաղաքէն հրապարակուած լուր մը կ՛ըսէր, թէ Ռուսիա տեղւոյն բնակչութիւնը թիրախ դարձուցած է բարձրախօսներէ սփռուած քարոզչութեան, եւ թէ` ուքրանական բանակը հակազդած է` «պայթեցնելով» ամերիկացի փոփ երգչուհի Շերի երգերը:
Շերի «Շուփ Շուփ» երգը բաւական անվնաս կը թուի ըլլալ: Սակայն երաժշտութիւնը կարելի է օգտագործել իբրեւ հոգեբանական քանդիչ զէնք` պատերազմի ընթացքին, ինչպէս կ՛ըսէ ամերիկեան բանակի նախկին բարձրաստիճան զինուորական Հըրպըրթ Ֆրիտման, որ ուսումնասիրած է երեւոյթը:
«Պատերազմի ընթացքին երաժշտութիւնը կրնայ ծառայել երկու նպատակի. մէկը այն է, թէ անիկա կրնայ ներշնչել բարոյական կորով եւ քաջալերել զինուորները, որ յառաջ երթան ու կռուին, միւս կողմէ` կրնայ սարսափեցնել թշնամին, անքնութեան մատնել եւ բարոյալքել զայն, նոյնիսկ` մտային եւ հոգեկան խանգարում պատճառել, երբ տարօրինակ բնոյթի երաժշտութիւն է:
«Տը մեն հու սթեր էթ կոթց» վերնագիրով իր գիրքին մէջ բրիտանացի լրագրող Ճոն Ռոնսըն փաստագրական տուեալներով կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս ամերիկացի զինուորներ իրաքցի բանտարկեալներ հարցաքննելէ առաջ անընդհատ նոյն երաժշտութիւնը կը պարտադրէին` մտային եւ հոգեկան մակարդակի վրայ մաշեցնելու համար զանոնք: Անոնց ընտրած երգերուն շարքին էին «Մեթալիքա» խումբին «Էնթըր սենտմեն» եւ «Պառնի էնտ ֆրենտծ» պատկերասփիւռի մանկական յայտագիրներու «Այ լաւ եու» երգերը:
Միւս կողմէ` երաժշտական ճիշդ ընտրութիւն մը կրնայ ծառայել ինքնապաշտպանութեան: Բրիտանացի նաւազներ անդրադարձած են, թէ երբ իրենց նաւերէն բարձրախօսներով կը սփռեն Պրիթնի Սփիրզի ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող երգերը, կը յաջողին վանել սոմալցի ծովահէններու յարձակումները: «Այնքա՛ն ազդու են այս երգերը, որ ռազմանաւուն ապահովութեան հսկողները հազուադէպօրէն կը դիմեն կրակելու,- կ՛ըսէ բարձրաստիճան նաւազ Ռէյչըլ Օուընզ:- Հազիւ ծովահէնները լսեն Պրիթնիի ձայնը, անմիջապէս խոյս կու տան, այնքան արագ, որքան որ կարելի է»:
Մի՛ Խնայէք
Ալեմոյի ճակատամարտին, 1836-ին, մեքսիքացի զօրավար Սանթա Աննա սփռած է «Էլ տեուէյօ» երգը, որ թշնամիին կը թելադրէր յանձնուիլ կամ` սուրի տակ մեռնիլ: Այս ձեւով ան կը փորձէր ահ ու սարսափի մատնել թեքսասցիները, որպէսզի անոնք խոյս տային կամ անձնատուր ըլլային: «Այս երգով ան ըսել կ՛ուզէր, թէ ոչ ոք պիտի խնայէր,- կ՛ըսէ Ֆրիտման:- Այս երգը որ լսէիր, կը մտածէիր, թէ սահմանները գծուած էին եւ մահը անխուսափելի էր»:
«Ասոշիէյթըտ Փրես»-ի համաձայն, Իրաքի Ֆալուժա քաղաքին պաշարումին օրերուն, 2004-ի ապրիլին, Միացեալ Նահանգներու ծովուժը կը սփռէր «Էյ. Սի.Տի.Սի.» խումբին «Հել՛զ պելզ» երգը` սարսափեցնելու համար ըմբոստները: Աւելի առաջ, 1989-ին, ամերիկեան բանակը օգտագործած է ռափ եւ փոփ երաժշտութիւն, ինչպէս` Ռիք Ասլիի «Նեւըր կոնա կիվ եու ափ» երգը` փանամացի ղեկավար Մանուէլ Նորիեկան դուրս բերելու համար Վատիկանի դեսպանատան մէջ իր թաքստոցէն:
Ձայնային յարձակումէ անդին` երաժշտութիւնը նաեւ այլ ձեւով կ՛օգտագործուի պատերազմի մէջ: Անիկա կրնայ խրախուսել զինուորները եւ ամրապնդել կապը անոնց միջեւ: Բ. Աշխարհամարտին «Ուեն տը լայթց կօ ան ըկէյն» եւ «Փրէյզ տը Լորտ էնտ փաս տի ամիւնիշըն» երգերը կ՛ոգեւորէին Դաշնակից ուժերու զինուորները, իսկ գերմանական բանակները կ՛ունկնդրէին Վակների «Ռայտ աֆ տը վալքիրիզ» երաժշտական կտորը` իբրեւ ներշնչումի աղբիւր: Հիթլերի նախասիրած երաժիշտին այս գործը հետագային մաս պիտի կազմէր Վիեթնամի պատերազմը նկարագրող «Ափոքալիփս նաու» ժապաւէնին անմոռանալի մէկ տեսարանին: Ամերիկեան բանակի զինուորները զայն ունկնդրած են 1991-ին, Ծոցի պատերազմին: «Կարելի չէ լսել Վակների «Ռայտ աֆ տը վալքիրիզ»-ը եւ չպատկերացնել ուղղաթիռները,- կ՛ըսէ Ֆրիտման:- Երբ «Անապատի փոթորիկ» գործողութեան ժամանակ Իրաքի սահմանը կը կտրէինք, այս երաժշտութիւնը կը հնչէր մեր ուղղաթիռներուն մէջ»:

