Ս. Յակոբ Մծբնացիէն Մինչեւ Յակոբ Տիլաչար (Թրքահայ Լեզուաբան Ու Համայնագէտ Յակոբ Մարթայեանի Մահուան 35-Ամեակին Առիթով)
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
«Կափարիչ»-ի Ու «Կողք»-ի Սին Վէճ Մը
Մարթայեան եթէ քողարկեալ թշնամիներ ունէր Անգարայի թուրք շրջանակներէն ներս, ատոր զուգահեռ` ունէր բացայայտ թշնամիներ Պոլսոյ հայ համայնքէն ներս ալ: Ու այս վերջինները անհամեմատօրէն աւելի՛ անգութ էին ու անպարկեշտ, անխնայ ու հետեւողական…
Երբ Մարթայեան 1961-էն սկսեալ «Մարմարա»-ի մէջ (Պետրոս Զօպեանի խմբագրապետութեան շրջանն է ատիկա) սկսաւ լոյս ընծայել իր թերթօնային «Համայնապատկեր հայ մշակոյթի» ուսումնասիրութիւնը, Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի աշխատակիցներէն մին` Վահրամ Բարունեան, իր դէմ բացաւ անտեղի գրչապայքար մը, որ հետզհետէ դուրս եկաւ լեզուական վէճի մը ընդունելի սահմաններէն, հուն փոխեց շատ ժխտական գունաւորումներով, ու ի վերջոյ վերածուեցաւ տարեց լեզուաբանին դէմ խաչակրական ամօթալի արշաւի մը…
Ի՞նչ «յանցանք» գործեր էր Մարթայեան:
Գրութեան մը մէջ ան գործածեր էր «գիրքին կափարիչը» ըսելաձեւը:
Հաւա՜ր…
Վահրամ Բարունեան կը պնդէր, թէ «կափարիչ» բառը սխալ էր, պէտք էր գործածել «կողք» բառը: «Գիրքին կողքը»: Ըստ իրեն, «կափարիչ»-ը թրքերէնի մէջ օգտագործելի «քափաք» բառին տառացի թարգմանութիւնն էր, իսկ ատիկա հայերէնի պարագային ընդունելի չէր:
Մարթայեան, բնականաբար, ինքնապաշտպանութեան դիմեց: Հայ թէ օտարալեզու բազմաթիւ աղբիւրներէ վկայութիւններ բերաւ իր տեսակէտը պաշտպանելու համար, ջանաց բացատրել, թէ «կափարիչ» բառն ալ կարելի էր գործածել «կողք»-ի իմաստով:
Բայց հակառակորդը ոչ միայն չէր համոզուեր, այլեւ անձնական խծբծանքներու կը դիմէր: Իրեն կը միանային զանազան ծածկանուններու տակ թաքնուած գրիչներ ալ ու կը սկսէին ծանր ու վիրաւորական բառերով ամբաստանել Մարթայեանը` որպէս մէկը, որ առհասարակ անմշակ ու անհարազատ հայերէն մը կ՛օգտագործէ, եւ որ իր նախադասութիւններն ու բառերը թրքերէնի վրայ կը կաղապարէ շարունակ:
Օրինակ, «Վրոյր Կազմարարեան» կեղծանունով յօդուածագիր մը, միշտ «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ, Մարթայեանը գետնէ գետին կը զարնէր` զինք նմանցնելով «յիմարանոցէն փախած հէք հիւանդ»-ի մը: Ու նշդրակը ձեռք առած` հրապարակ կ՛իջնէր «բանալու համար Մարթայեանի ուղեղը ու մաքրելու հոն հաւաքուած գարշահոտ թարախը»…
Այս անհամ վէճը նմանօրինակ գնացքով կը շարունակուէր երկա՜ր շաբաթներ, մինչեւ որ յանգէր անբաղձալի վախճանի մը. Մարթայեան, որ արդէն ունէր դիւրազգած նկարագիր մը, կ՛որոշէր վե՛րջ տալ հայերէն յօդուածագրութեան: Վա՛ր կը դնէր իր գրիչը, կապերը կը խզէր հայ մամուլին հետ:
Եւ այս պայմաններուն մէջ կիսաւարտ մնալու կը դատապարտուէր նաեւ «Համայնապատկեր հայ մշակոյթի» թերթօնը:
Պոլսահայութիւնը Չէր Մոռցած
Իր Արժանաւոր Զաւակը
Ճիշդ է որ Մարթայեան չափազանց վշտացած էր իր դէմ բացուած անքաղաքակիրթ գրչապայքարէն, այնուհանդերձ, ան իր սրտին մէջ տաքուկ տեղ մը ունէր միշտ Պոլսոյ ու պոլսահայութեան նկատմամբ:
Արդէն, պոլսահայ երիտասարդ գրողներն ու բանաստեղծները (Զահրատ, Խրախունի, Հատտէճեան, Օննիկ Ֆչըճեան եւ միւսները) սրտակիցներ էին իրեն. անոնք իր անձին մէջ կը տեսնէին ո՛չ միայն պատկառելի համայնագէտ մը, այլեւ` մենտոր մը, որ կը քաջալերէր զիրենք, սաղարթախիտ ծառի մը նման շուք ու հովանի կ՛ըլլար իրենց: Օրինակ, երբ 1960-ին Զահրատ լոյս կ՛ընծայէր իր առջինեկ քերթողագիրքը` «Մեծ քաղաքը», Մարթայեան նախ կը փութար վերլուծական գրախօսականով մը ողջունել երիտասարդ բանաստեղծին յաղթական մուտքը մեր գրականութենէն ներս, այնուհետեւ ալ վեց տարբեր լեզուներու (անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, սպաներէն եւ ռուսերէն) կը թարգմանէր հատորին մէջ տեղ գտած «Ոսպ ստկող կինը» քերթուածը…
Անշուշտ որ Մարթայեան բաւական երկար տարիներ յամառօրէն կառչած մնաց իր որոշումին ու մերժեց երեւիլ հայ մամուլին մէջ… յուրախութիւն իր հակառակորդներուն: Սակայն ժամանակը, ինչպէս միշտ, կատարեց իր բարերար դերը, ու բարեկամ գրչեղբայրներու հետեւողական ճիգերուն ալ շնորհիւ` ի վերջոյ կարելի դարձաւ կակուղցնել Մարթայեանը, մասամբ մոռցնել տալ անցեալի դառնութիւնները, վերաշահեցնել զինք հայ համայնքի ծոցին մէջ:
Տուեալներ չունիմ ի ձեռին` ճշդելու համար, թէ ո՞ր թուականին Մարթայեան վերադարձաւ հայ մամուլին ու այնտեղ գրաւեց իր երբեմնի պատուաւոր տեղը: Թերեւս, 70-ական թուականներու կէսերուն:
Գոնէ յստակ է, որ 70-ական թուականներու կէսերէն ետք ան աշխուժ ներկայութիւն մըն էր իր այնքան սիրած ու յարգած «Մարմարա»-ի սիւնակներուն մէջ: Արամ Գամպուրեանի նախաձեռնութեամբ 2000 թուականին Պոլիս հրատարակուած ու Մարթայեանի կարգ մը գրութիւնները կողքի մը տակ մէկտեղող «Յօդուածներ» հատորը ա՛յդ է, որ կը հաստատէ անուղղակիօրէն: Արդարեւ, այս ժողովածուին մէջ ներառուած 25 յօդուածներուն բոլո՛րն ալ, առանց բացառութեան, Մարթայեանի կողմէ գրի առնուած ու «Մարմարա»-ի մէջ հրատարակուած են 1976-77 թուականներուն:
Ջուրերը, ուրեմն, վերստին սկսեր էին հոսիլ իրենց հարազատ աւազանին մէջ…
Մեծարանքի ու գնահատանքի այն փառաւոր յոբելեանը, զոր «Մարմարա»-ի նախաձեռնութեամբ պիտի սարքուէր Պոլսոյ մէջ, Յակոբ Մարթայեանի գրական գործունէութեան 70-ամեակին ի պատիւ, ուրի՛շ հրաշալի առիթ մը կը ստեղծէր իր կարգին, որպէսզի պոլսահայութիւնը հրապարակաւ ծափահարէ ու գրկէ իր վաստակաշատ ու բազմատաղանդ մէկ դէմքը:
Այս ձեռնարկը տեղի կ՛ունենար 16 մայիս 1977-ին, Պէյօղլուի Նարեկեան սրահը:
Ա՛յս ալ մէկն էր այն գրական որակեալ խրախճանքներէն, որոնցմով կը յատկանշուէր հայկական Պոլիսը այդ թուականներուն:
Կազմակերպիչ յանձնախումբը օրեր առաջ ծանուցումներ հրատարակած ու ցրուած էր արդէն: Ու Մարթայեան Անգարայէն Պոլիս կը ժամանէր 13 մայիսին:
Հանդէսին օրը սրահը մէկ ժամ առաջուց ամբողջովին լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ: Երեկոյթին կը նախագահէր Շնորհք պատրիարք` իր կողքին ունենալով հոգեւորականաց դասը:
Բացման խօսքով հանդէս կու գար Սօսի Ճնտոյեան, որ նախ կը կարդար Մարթայեանին կենսագրականը, այնուհետեւ, իբրեւ հանդիսավարուհի, գործադրութեան կը դնէր յայտագիրը:
Ամէնէն առաջ թրքերէնով կ՛արտայայտուէր Վահէ Սէֆէրեան` շեշտը դնելով թուրք մշակոյթին Մարթայեանին բերած ծառայութիւններուն վրայ: Կազմակերպիչ յանձնախումբին ատենապետը` գրագէտ Վահրամ Պուրմայեան, իր խանդավառիչ ելոյթին մէջ Մարթայեանը կ՛անուանէր «հայ մշակոյթի բացառիկ հսկան»:
Երկու գրագէտ բանախօսներ` տոքթ. Վարդան Կոմիկեան եւ տոքթ. Վարդ Շիկահեր, իրերայաջորդ համապարփակ ելոյթներով կը խօսէին յոբելեարին վաստակին ու մշակութային անգին ծառայութիւններուն մասին:
Ի գործ կը դրուէր գեղարուեստական յայտագիր մըն ալ, ուր դերեր ստանձներ էին դաշնակահարներ բժ. Հերման Միսքճեան եւ Վարուժան Ասլանեանց, երգչուհի Ալիս Մանուկեան եւ ասմունքող Սիլվա Կոմիկեան:
Յոբելեար Յակոբ Մարթայեան երբ ձեռնարկի աւարտին բեմ կը հրաւիրուէր խանդավառ ծափահարութիւններու տարափի մը տակ, սա՛պէս կ՛արտայայտուէր. «82 տարեկան հայ մըն եմ: Այսօր ձեզի կը ներկայանամ` որպէս իր պարտականութիւնը կատարած մարդ: Ի՞նչ էր պարտականութիւնս: Ապրի՛լ որպէս հայ: Ուրախ եմ, որ 82 տարիէ ի վեր կ՛ապրիմ որպէս հայ: Արտակարգ մարդ մը չեմ: Եթէ շատ լեզուներ սորվեցայ, բոլորն ալ սորվեցայ հայերէնին համար, հայերէնին օգտակար ըլլալու համար: Այսուհետեւ ալ պատրաստ եմ կատարելու այն, ինչ որ կը պահանջուի ինձմէ»: Մարթայեան այս խորիմաստ խօսքերը կ՛արտասանէր մեծ յուզումով, նոյնիսկ` արցունք հոսեցնելով…
Այս տպաւորիչ ելոյթէն ետք բեմին վրայ յուշանուէրներ կը յանձնուէին յոբելեարին:
Հուսկ բանքը կ՛արտասանէր Շնորհք պատրիարք, որ դրուատալից արտայայտութիւններով կը մեծարէր յոբելեարը: Մասնաւորաբար, գնահատանքով կ՛արտայայտուէր կիսատ մնացած «Համայնապատկեր հայ մշակոյթի» շարքին մասին ու հրապարակաւ կը խնդրէր, որ Մարթայեան իր աւարտին հասցնէ այդ եզակի ուսումնասիրութիւնը:
Մինչ կը կատարուէր այս յոբելեանը, դուրսը մթնոլորտը դա՛րձեալ պղտորած էր… «Ժամանակ» օրաթերթը օրերէ ի վեր նախատալից գրութիւններ կը հրատարակէր Մարթայեանին հասցէին, կը պնդէր, որ ան կարծուածին չափ հմուտ լեզուագէտ մը չէ, նոյնիսկ շնորհքով հայերէն չի գիտեր…
Վերջակէտ Մը
Իրեն ի պատիւ սարքուած յոբելենական հանդէսէն երկու տարի անց, 12 սեպտեմբեր 1979-ին, Յակոբ Մարթայեան Պոլսոյ մէջ կը կնքէր իր մահկանացուն:
Միւս Յակոբը` Մնձուրին, կանխեր էր զինք աւելի քան մէկուկէս տարի առաջ, 1978 յունուարին…
Մարթայեանի յուղարկաւորութիւնը կը կատարուէր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, 18 սեպտեմբերին, հանդիսապետութեամբը Շնորհք պատրիարքի, որ նաեւ կը խօսէր դամբանականը: Դուրսը, բակին մէջ, դամբանականներ կ՛արտասանէին նաեւ թուրք յայտնի պատմաբան փրոֆ. Ճաւիտ Օրհան Թիւթենկիլ, Սայիտ Սատի Տանիշմենտ-Կազիօղլու, Վահէ Սէֆէրեան եւ Փանոս Էօզարարատ:
Ցաւակցական հեռագիրներ կը հասնէին Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահէն ու վարչապետէն:
Յետոյ մեռելակառքը կ՛ուղղուէր դէպի Շիշլի: Հայոց պատմական գերեզմանատունը կը դառնար ի՛ր ալ վերջին հանգստավայրը` մեծանուն անհամար դէմքերու դրացնութեան մէջ…
Վերջակէտն էր ասիկա արտակարգօրէն հարուստ ու լիարժէք կեանքի մը, որ առաւելաբար անցեր էր գիրքերու ու մատեաններու մտերմութեան մէջ:
Մարթայեան հաւատարմօրէն թուրք լեզուաբանութեան նուիրեր էր իր կեանքին մեծագոյն շերտը, հոգ չէ թէ յուսաբեկութիւններ ապրած ըլլար Անգարայի ակադեմական իր շրջապատին մէջ իսկ:
Իր սիրտը տեւաբար բաբախած էր հայութեամբ, հակառակ քղամիդի մը նման իր ուսերուն նետուած «Ա. Տիլաչար» անունին, ու հակառակ այն անոպայ յարձակումներուն, որոնց թիրախ պիտի դառնար հայ մամուլի էջերուն մէջ` իր ծերունազարդ տարիքին իսկ:
Մարթայեանի մահէն ետք, երկա՜ր տարիներ, գրական շրջանակներու մէջ ու շրթներու վրայ միշտ առկայ մնաց սա՛ հարցումը.
– Ե՞րբ հատորի պիտի վերածուի «Համայնապատկեր հայ մշակոյթի» կոթողային աշխատասիրութիւնը:
Ազդանշանը եկաւ, վե՜րջապէս, 2004-ին:
Այդ տարի, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը ձեռնամուխ եղաւ «Համայնապատկեր»-ի հատորային հրատարակութեան: Եւ այսպէս, հերթաբար, 2004-ին, 2005-ին եւ 2009-ին Պոլսոյ մէջ հրատարակուեցան այդ լայնածիր աշխատասիրութեան առաջին երեք հատորները, բարերար մեկենասներու ձեռնտուութեամբ: Իսկ շարքին չորրորդ հատորն ալ լոյս ընծայուեցաւ բոլորովին վերջերս, տարեփակի նախօրէին: Կարգի կը սպասեն մնացեալներն ալ…
Այս գիրքերը թղթատողը կրնայ վկայել, թէ Յակոբ Մարթայեան «յիմարանոցէն փախած հէք հիւանդ» մը չէր, այլ` քալող համայնագիտարան մը…
Հալէպ
(Վերջ)

