Երիտասարդական Նշմար. Ազատութեան Վնասներէն

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

Վերջին օրերուս համացանցային ընկերային շրջանակներուն մէջ աղմկալի ալիք բարձրացած է լրագրողներու ազատ արտայայտութեան կաշկանդման նիւթով: Նախորդ ամիսներուն  Թուիթըրի եւ լիբանանեան մամլոյ վրայ զանազան լիբանանցի առցանց հրապարակախօսներ եւ լրագրողներ լիբանանցի բարձրաստիճան քաղաքական դէմքերու հասցէին վարկաբեկիչ եւ զրպարտիչ արտայայտութիւններ ունենալու յանցանքով դատավարութեան կը կանչուին: Անոնց շարքին նոյնիսկ 6 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուող եղաւ` նախագահին դէմ գռեհիկ քննադատութիւն կատարելու յանցանքով:

«Ազատ արտայայտութեան» առնչուող վերջին դէպքը կը վերաբերի հայ համայնքի նախկին նախարար զօրավար Փանոս Մանճեանին: Կ’արժէ յիշել, որ ամիսներ առաջ Փ. Մանճեանին հետ ինքնաշարժային դէպք մը պատահած էր: Եւ այդ դէպքին պատճառով Թուիթըրի վրայ վարկաբեկիչ քննադատութեան ենթարկուեցաւ նախկին հայ նախարարը համացանցային գրող Իմատ Պազզիի կողմէ: Ի դէպ, Փ. Մանճեան Պազզիին դատի կանչեց անիրաւ եւ զրպարտիչ արտայայտութեան համար:

Ընկերային էջերու վրայ ազատ արտայայտութեան դէմ գործուած անիրաւութեան նիւթը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ Էլ. Պի. Սի. պատկերասփիւռի կայանի լրատուական բաժնի զրուցավար Տիմա Սատըք հեգնական եւ բաւական յանդուգն ակնարկ մը կատարեց իր յայտագրին ընթացքին թապու դարձած անձնաւորութիւններու եւ խմբաւորումներու առումով, մինչ ան կը հիւրընկալէր նոյնինքն Իմատ Պազզին:

Առ այդ, Իմատ Պազզիի հարցը կը վերաբերի հայ նախկին նախարար եւ զօրավարի մը, որ իբրեւ նախարար զերծ է ամէն տեսակի յանցագործութիւններէ եւ փտածութեան սայթաքումներէ: Հետեւաբար աննշան ինքնաշարժի պատահար մը չ’արդարացներ Փ. Մանճեանի հասցէին ցեխարձակումը եւ զայն փտածութեամբ մեղադրուած քաղաքական խաւին վերագրելը:

Անկէ անդին, շատ աւելի վտանգաւոր տեսարան մը կը դրսեւորուի համացանցին վրայ. հայեր եւ մասնաւորապէս հասարակական գործիչ տիտղոսին ետին պահուըտած հայեր, որոնք խօսքի ազատութեան թունդ պաշտպանները կը թուին ըլլալ, կը ձայնակցին Փ. Մանճեանի դէմ մղուած քարոզչութեան:

Կ՛արժէ յիշեցնել այդ հայերուն, թէ զօրավար Փ. Մանճեանը հայութիւնը կը ներկայացնէ ամէն բանէ առաջ: Ընկերվարական, աշխարհիկ կամ այլ անուանումներով յանձնառու հասարակական գործիչ ըլլալ` չի նշանակեր ապարդիւն ու հայութեան համար երկրորդական սեպուող երեւութային դատերու հաշուոյն  ոտնահարել հայ ժողովուրդը ներկայացնող անձնաւորութիւն մը:

Առաւել, նման արտայայտութիւններ ի՞նչ նպաստ կրնան ունենալ հայութեան, հրապարակայնօրէն բացասական տրամադրութիւններ ստեղծելէ բացի: Աւելի արդիւնաւէտ չ՛ըլլա՞ր մեզի հարազատ  Հայ դատն ու հայկական շահերը պաշտպանել նոյն այդ թափով:

Արդարեւ, առաջնահերթութիւնները զանազանելու խնդիր է պարզուածը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES