Եղեռնի 100-ամեակին Ընդառաջ. Մահացողները Բազմացան, Ո՞ւր Են Ծնունդները
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
1915-ի օսմանեան պետութեան սարքած ճիւաղային ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած հայորդիներ կազմեցին ընտանեկան բոյներ, իրենց նոր գտած երկիրներուն մէջ: Ուր որ գացին, ջանացին պահել իրենց գոյութիւնը` սեւ աշխատանք կատարելով. նոր երկիրներու լեզուն չէին գիտեր: Հետզհետէ կրցան արտայայտուիլ, հասկցնել եւ հասկցուիլ: Անոնք կարօտ էին լաւ սնունդի, կրթութեան, իրենց գիտցած արհեստները կիրարկելու քաջալերանքին: Հազիւ սենեակ մը, նոյնիսկ կէս սենեակ, աննպաստ պայմաններ, մտածեցին նորահաս երիտասարդները պսակել, որպէսզի նահատակուած միլիոններուն փոխարէն` զաւակներ ծնին, ազգին թիւը բազմացնեն:
Աղքատ, չքաւոր, հազիւ չոր հացի մը վաստակով ապրող մեր ընտանիքները իմաստութիւնը ունեցան երիտասարդ ընտանիքներ կազմելու: Որբանոցներէն դուրս եկած դեռատի աղջիկներ ունեցան նոյնքան երիտասարդ փեսաներ, պսակուեցան առանց ինքնաշարժներու շքերթի (որովհետեւ մատի վրայ համրուող ինքնաշարժներ կային, ամէն երթուդարձ` քալելով): Չունէին կարգին հարսանեկան զգեստ: Իրարմէ փոխ առնուած հարսանեաց հագուստներով պսակուեցան անոնք, նեղլիկ բնակարաններու մէջ աշխարհ բերին 5-6 եւ աւելի զաւակներ: Մանուկներու մահերը շատ էին, որովհետեւ չունէին բժիշկի երթալու նիւթական կարողութիւն, ոչ ալ` ներկայ օրերուն համեմատական բուժարաններ, օգնութիւն եւ այլն: Մեռնող մանկան փոխարէն կը ծնէր յաջորդը: Այս իմաստուն հեռանկարով բազմացան մեր գաղութներու հայերը: Ամփոփ, հակիրճ ձեւով ծանօթացուցինք մասնաւորաբար լիբանանահայ մեր գաղութի յետեղեռնեան կազմաւորման տարիներու կեանքը, ընտանեկան կազմաւորումները եւ այլն:
Այսօր, երբ կը պատրաստուինք Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպիսի գոհունակութեամբ պիտի ներկայանանք մեր նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնելու պարտաւորութեան: Փա՛ռք Աստուծոյ, գաղութը ունեցաւ նեղ օրերուն հետեւող նաեւ լայն օրեր: Երբ ունեցանք կուշտ առօրեայ, պսակներ, հարսանիքներ կատարեցինք նորաձեւութիւններու հետեւողութեամբ, ունեցանք ճոխ, արքայական, իշխանական զգեստաւորում եւ հարսերու մինչեւ իսկ յանդուգն «գեղեցկութիւն», մոռցանք ընտանիք կազմելու նպատակը եւ գոհացանք մէկ կամ երկու զաւակ ընծայել ազգին: Փա՛ռք Աստուծոյ, ունեցանք մեր ազգային ճարտարութեամբ, մեր աշխատասիրութեամբ փայլուն դիրքերու հասած հայրենակիցներ, բայց միւս կողմէ` մոռցուեցաւ մեր թիւը աճեցնելու հրամայականը: Ինչո՞ւ…
Պատերազմ ապրեցանք, այո՛, բայց այս պատճառաբանութիւնը ընդունելի չենք նկատեր, որովհետեւ նոյնիսկ ռմբակոծումներու ժամանակաշրջանին պսակուողներ եղան: Ո՞ւր են անոնց զաւակները:
Բազմաթիւ են տնտեսական տագնապները պատճառաբանողները: Հապա՞ հարուստ դասակարգը: Ուրեմն ունեւորութեան եւ չունեւորութեան հարց չէ այս, այլ` չկամութեան, մայրանալու դժկամութեան: Անցնող սերունդին մայրերը աղքատ էին մեծաւ մասամբ, տան մէջ աշխատանք կը կատարէին, ձեռագործ կ՛աշխատէին, կար կը կարէին, տնային պայմաններու մէջ փոքր եկամուտով կը գոհանային, օգտակար կ՛ըլլային իրենց ամուսիններուն եւ ընտանեկան սրբութիւն կը պահէին հաւատարմաբար: Ուրեմն աղքատ պէտք էր մնայինք, որ մտածէինք զաւակ ծնանելու մասին: Կար ժամանակ մը, որ ժողովրդային կարգի անցած ասոյթ մը կար. «Աղքատները շատ զաւակ կը բերեն»: Յստակ է, իրենք զիրենք «ամուլ» կարգած ունեւոր դասակարգին է մեղքը…
Մեր շուրջը ամէն օր կը լսենք մահացողներու անուններ, տարեց կամ երիտասարդ: Հիւանդութիւնները, արկածները, մոլութիւնները բազմացած են, հետեւաբար սիրելիներ կը մահանան անժամանակ…
Այս իրողութիւնը կը հաստատէ անկումը մեր թիւին: Ո՞ւր են նորածինները: Մեր մամուլը, մեր ռատիոները լոյս կ՛ընծայեն օրական քանի մը մահազդ եւ կը ծանուցանեն բազմաթիւ անուններ մահացողներու: Զուր տեղ կ՛ակնկալենք, որ մեզմէ յաւէտ բաժնուողներուն փոխարէն գոնէ կէս թիւով նորածիններու անուններ կարդայինք, լսէինք:
Մէկուկէս միլիոն նահատակ, 100 տարի ետք գործնապէս մոռացում` նոր զաւակներ ծնանելու: Ինչպէ՞ս պիտի շատնանք: Ո՛չ, Պարոյր Սեւակ, «Չենք շատանար» այս ընթացքով, այլ կը նուազինք թիւով, որովհետեւ մեր մայրերը եղած են ինքնասէր, կը հետեւին հաճոյանալու, իսկ մեր հայրերը ենթարկուած են ֆեմինիզմի նորագոյն պահանջներուն:
Ամէն ազգ կը պարծենայ իր թիւով, իր միլիոններով, մենք ալ կ՛ափսոսանք նոյնիսկ մեր մէկ թիւին նուազումով: Որքան դիւրացած են մահերը, մինչ Մուշեղ Իշխան թատրերկ մը ունի «Մեռնիլը որքան դժուար է» անունով… Ամէն ինչ կը նահանջէ: Կը նահանջենք լեզուով, բարքերով, աւանդութիւնները մոռնալով: Կը սիրահարինք օտար տղուն, օտար աղջկան, յետոյ` երթա՛ս բարով հայութիւն… Քիչ ժամանակ անց` ամուսնալուծում, եթէ մէկ հատիկ մը ծնած է, բա՛ւ է: Ողջ մնայ «Թռչնոց բոյնը», հոն կը խնամուին:
«Մայրերը կ՛աշխատին»… Աշխատանքը հին օրերուն ալ կար, ըսինք` մեծ մասամբ տուներու մէջ, կը կատարէին այդ օրերուն յարմար գործեր: Այսօր համակարգիչ կայ, ֆէյսպուք եւ միւսները կան: Մանուկներու տարեդարձները ճաշարաններու մէջ կը տօնեն: Բջիջային գործիքներուն նորագոյնը պէտք է ունենալ: Բարեբախտութիւն կը նկատեն նոյնիսկ մէկ զաւակ ունենալը… Մայրը գործի կ՛երթայ, շահած գումարէն կրնայ աղախինի մը տրամադրել: Ո՞ւր մնաց մայրական կաթը, մայրական գուրգուրանքը…
Ունինք փափաքներ, երազանքներ սնուցանող հայորդիներ, որոնք կը բաղձան 100-ամեակին ստեղծել, աշխարհ բերել մէկուկէս միլիոն հայածին մանուկներ, ի յուշ նահատակաց: Երանի՜ թէ…
Այս նահանջը վայել չէ մեր ժողովուրդին: Համաշխարհայնացումի հետեւելով` ոչ թէ կ՛աճի մեր թիւը, այլ կը ձուլուինք, կը կորսուինք:
Յո՞ երթաս հայ երիտասարդութիւն, հայ ժողովուրդ: «Սեն Վալանթայն» ալ տօնեցինք, բազմաթիւ էին մեր նոր սերունդին ընկեր-ընկերուհիները, բայց չարձանագրեցինք ոչ մէկ միացում, ոչ մէկ նշանդրէք…
Ի՞նչ կը մտածէ արդեօք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կեդրոնական մարմինը: Աստուած օգնէ ամէնուս…

