«Էն. Պի. Էյ.». Ճեքսընի Առաջին Մրցումը Նիքսի Հետ Սկսաւ Յաղթանակով

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Նիւ Եորք Նիքսի նոր նախագահ Ֆիլ Ճեքսըն յաղթանակով սկսաւ իր նոր պաշտօնը, երբ անոր կազմը 92-86 արդիւնքով յաղթեց Ինտիանա Փէյսըրզի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քարմելօ Անթոնի նշանակեց 34 կէտ:

Նշենք, որ այսպիսով Նիքս արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը:

Օգտուելով Լեպրըն Ճէյմսի բացակայութենէն, Պոսթըն Սելթիքս յաղթեց անոր կազմին` Մայեմի Հիթի, 101-96 արդիւնքով:

Նշենք, որ ցարդ միայն երկու խումբեր` Ինտիանա Փէյսըրզ եւ Մայեմի Հիթ (Արեւելեան շրջանէն) ապահոված են փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Շիքակօ Պուլզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 102-94
Պոսթըն Սելթիքս – Մայեմի Հիթ 101-96
Պրուքլին Նեթց – Շարլոթ Հոռնեթց 104-99
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ 96-86
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Նիւ Օրլինզ 107-100
Նիւ Եորք Նիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 92-86
Մինեսոթա Վուլվզ – Տալաս Մավըրիքս 123-122
Տենվըր Նակեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 118-109
Ֆէոնիքս Սանզ – Օրլանտօ Մեճիք 109-93
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 125-109

Ստորեւ` այսօրուան յայտագիրը.

Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Օքլահոմա Սիթի
Հիուսթըն Ռոքեթց – Մինեսոթա Վուլվզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Միլուոքի Պաքս

 

Share this Article
CATEGORIES