Ժիւտօ. Գրիգոր Սահակեան Թուրքիոյ Մէջ Մետալի Տիրացաւ

Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի պատանիներու Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան` 22 ներկայացուցիչով:

Հայ մարզիկներէն պրոնզի մետալի տիրացաւ միայն 81 քկ դասակարգի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերած Գրիգոր Սահակեան:

Ան իր կատարած հինգ հանդիպումներէն չորսին յաղթանակ արձանագրեց` պարտութեան մատնելով իր ազրպէյճանցի, մոնթենեկրոցի եւ երկու վրացի մարզիկները:

Ան իր միակ պարտութիւնը կրեց իր ռուս մրցակիցէն, կ՛եզրափակէ ArmSport.am,

Share this Article
CATEGORIES