Սփիւռքի Նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» Մետալով Պարգեւատրուեցաւ Պոլսահայ Մտաւորական Սեւան Նշանեան

Sevan_NshanyanՕրերս պոլսահայ բազմատաղանդ մտաւորական` լեզուաբան, գրող, հրապարակախօս Սեւան Նշանեան արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան բարձր պարգեւին` աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի անուան մետալի:

Ատով Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը ըստ արժանւոյն կը գնահատէ Սեւան Նշանեանի ազգանուէր գործունէութիւնը, որ ամբողջութեամբ հայապահպանութեան, հայոց լեզուի եւ հայ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման անմնացորդ նուիրում է:

Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ըլլալով պոլսահայ մշակոյթի բարձր արժէքներու ճշմարիտ կրողը` Սեւան Նշանեան իր հարուստ փորձը ծառայեցուցած է նաեւ համամարդկային խնդիրներու լուծման կարեւոր գործին: Տաղանդաւոր մտաւորականը մեծ ներդրում ունի նաեւ թրքերէնի ուսումնասիրութեան եւ զարգացման գործին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES