Հաղորդագրութիւն

karaguezian_JapanԵրկուշաբթի, 17 մարտ 2014-ին, ճափոնական դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը` Լիբանանի մէջ Ճափոնի լիազօր դեսպան Ֆէյչի Օցուքայի եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէնութեան միջեւ:

Դեսպանին կողքին այս նիստին ներկայ գտնուեցան դեսպանատան առաջին քարտուղար Մասամի Իշի, տնտեսական գործակցութեան կցորդ Միտորի Պարատա եւ ծրագիրներու համադրող Աքասիա Փոլատեան:

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկին կողմէ ներկայ գտնուեցան հիմնարկի տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ առողջապահական բաժանմունքի համակարգող Նանօր Քլընճեան:

Ըստ համաձայնագիրին, ճափոնական դեսպանատունը «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկին կը յատկացնէ 74,400 տոլար` ծրագիրի մը համար,  որուն շնորհիւ հաստատութիւնը պիտի օժտուի յաւելեալ ատամնաբուժարանով մը, էքոկրաֆիի գործիքով եւ ելեկտրածին շարժակով (ճենըրէյթըր):

«ՀԱՈՒԸՐՏ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿ

Պէյրութ, 20 մարտ 2014

 

Share this Article
CATEGORIES