Աւստրալիան Հրապարակած Է Անհետացած Օդանաւի Բեկորներու Հաւանական Լուսանկարները
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աւստրալիոյ Ծովային անվտանգութեան վարչութիւնը հրապարակած է բեկորներու լուսանկարներ, որոնք կրնայ Մալեզիական օդանաւային ընկերութեան անհետացած «Պոյինկ 777» օդանաւինը ըլլալ:
Լուսանկարները առնուած են տիեզերքէն, անոնց մէջ կարելի է տեսնել երկու բեկորներ, որոնց մասին նախապէս յայտնած էին եւ ենթադրած, որ անոնք կապ ունին անհետացած օդանաւին հետ:
Լուսանկարներուն մէջ Հնդկաց ովկիանոսի մակերեսը պատկերուած է: «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակուած լուսանկարներուն կից բացատրուած է, որ այդ բեկորներէն մէկը ունի 24 մեթր, միւսը` 5 մեթր երկարութիւն: Յառաջիկային աւելի լաւ որակի լուսանկարներ ստանալու համար տիեզերքի մէջ արբանեակները տեղաշարժած են:
8 մարտին Մալեզիոյ ափէն 220 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ օդանաւը անհետացած էր, եւ մինչեւ օրս փնտռտուքները ապարդիւն եղած էին: Օդանաւը Քուալա Լամփուրէն թռիչք կը կատարէր դէպի Փեքին:

