Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործ շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի, որ ծանօթ է իբրեւ Մուսթաֆա Ապու Թաքիէ, անհետացած է Արսալէն: Ապու Թաքիէ կը նախագահէր Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ Ապտալլա Ազզամ փաղանգներու զինեալներուն գումակային կարիքները հոգացող խմբաւորումին:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ հաստատեց Լիբանանի նկատմամբ Բրիտանիոյ զօրակցութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախանցեալ երեկոյեան արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի այցելած է Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցած է Սամիր Ժահժահի եւ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի հետ: Երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ զինուորական ատեանը երէկ տասը լիբանանցիներ 15 տարուան բանտարկութեան ենթարկեց` Իսրայէլի հետ գործակալութեան յանցանքով:
Միւս կողմէ, Զինուորական ատեանի աւագ դատախազ Իմատ Զէյն երէկ հարցաքննեց «Ապտալլա Ազզամ փաղանգներ»-ու անդամ Ա. Ե.-ը, որ ահաբեկիչ Նայիմ Ապպասի գործած արարքներուն վկաներէն մէկն է:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ահմետ Քարամէ յայտնեց, որ Լիբանանի համար պահանջուած է համախոհական հզօր նախագահ մը` աւելցնելով, որ օտար ձեռքեր կը խանգարեն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ուաշինկթըն փոսթ» օրաթերթը երէկ հրապարակեց յօդուած մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ ըստ երեւոյթին, Քայիտա Լիբանանի մէջ կը հաստատէ ահաբեկիչներուն զօրակցող խարիսխներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն ոչ ոք հասնի հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Հըզպալլա պատրաստ է անձնասպանութիւն գործելու` իր ծրագիրէն հրաժարելու փոխարէն:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով քաղաքական հանդիպումները պիտի սկսին կառավարութեան ստանալիք վստահութեան քուէէն անմիջապէս ետք:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է Թրիփոլիի կացութիւնը հակակշիռի տակ առնէ, ինչպէս կատարած է Արսալի մէջ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան ստանալիք վստահութեան քուէն պիտի դիւրացնէ երկրին ապահովական կայունութեան վերահաստատումը եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
ԱՐՍԱԼԻ փոխքաղաքապետ Ահմետ Ֆլիթի յայտնեց, որ Արսալ եւ անոր բնակչութիւնը կը զօրակցին լիբանանեան բանակին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախագահական պալատի աղբիւրներէն, նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մօտիկ ապագային Ազգային երկխօսութեան նիստը պիտի հրաւիրէ հանդիպումի մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն Արսալ մուտքը բնակիչներուն մօտ հանգստութիւն ձգած է:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ Սուրիայէն Հըզպալլայի հեռացումը լիբանանցիներուն միջեւ վստահութիւնը վերահաստատելու առաջին քայլն է:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներուն համաձայն, վարչապետ Սալամի կառավարութիւնը պէտք է հակակշիռի տակ առնէ Լիբանանի, յատկապէս սահմանային շրջաններու կացութիւնը:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, Ազգային երկխօսութեան նիստը ձեւական պիտի ըլլայ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք կը փափաքին դրական մասնակցութիւն բերել Ազգային երկխօսութեան նիստին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը հաստատեց Ազգային երկխօսութեան մասնակցելու իր պատրաստակամութիւնը:

