Լիբանանահայ Քաղաքացի Ճորճ Թահմազեան Առեւանգուած Է

baalbeck-georges-tahmazyanԵրէկ յետմիջօրէին անծանօթ զինեալներ «Թոյոթա, Էֆ. Ճէյ. Քրուզըր» եւ «Կրանտ Շերոքքի» տիպի ինքնաշարժներով ընդհատեցին լիբանանահայ քաղաքացի Ճորճ Թահմազեանի ճամբան եւ առեւանգեցին զայն:

Առեւանգումին պահուն Ճորճ Թահմազեան «Կրանտ Շերոքքի-Լարետօ» տիպի ինքնաշարժ մը կը վարէր եւ կը գտնուէր Պաալպեքի Շլիֆա գիւղաքաղաքի Ծերանոցին մօտակայքը:

Հարաւային Պաալպեքի բնակիչները բողոքեցին այս արարքին դէմ եւ բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն փակեցին հարաւային Պաալպեքի փողոցները` պահանջելով Թահմազեանի ազատ արձակումը:

Միւս կողմէ, առեւանգեալին եղբայրը` Արա Թահմազեան աւելի ուշ առեւանգող կողմէն ստացաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն մէջ առեւանգողները 50 հազար տոլար պահանջեցին` իբրեւ իր եղբօր ազատ արձակման փրկագին:

Ճորճ Թահմազեանի առեւանգումին հարցով Պաալպեքի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` ներկայութեամբ յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Ռահհալ եպիսկոպոսին, որ պահանջեց այս գիշեր իսկ Ճորճ Թահմազեանի ազատ արձակումը` սպառնալով այլապէս դիմել մագլցողական քայլերու, որոնցմէ կրնայ ըլլալ Պաալպեքի առաջնորդարանին փակումը:

Նկատի ունենալով այս կեցուածքը` Տուրեսի բնակիչներն ու Թահմազեանի հարազատները փակեցին Տուրեսի մուտքը, որ կ՛առաջնորդէ դէպի Պաալպեք եւ հիւսիսային Պեքաա:

 

Share this Article
CATEGORIES