Սուրիացի Գաղթականներ Եւ Վիրաւորներ Ուատի Խալետի Շրջանէն Կը Հասնին Աքքար

wadi-khaled-20032014Լիբանան-Սուրիա սահմանային Պքեյաա շրջանին մէջ, սահմանամերձ Ուատի Խալետի դիմաց, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն արձանագրուեցան զինեալ բախումներ սուրիական բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներու միջեւ:

Սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ Պքեյաայի մօտակայ սահմանը փակուեցաւ եւ Սուրիոյ Հոսն ամրոցէն փախուստ տուած սուրիացի վիրաւոր քաղաքացիներ չկրցան մուտք գործել Լիբանան:

Միւս կողմէ Ուատի Խալետ թիրախ դարձաւ սուրիական հողերէն արձակուող ռումբերուն, իր կարգին, սուրիական օդուժը ռմբակոծեց Պքեյաան` ընդդիմադիր զինեալները սպաննելու նպատակով:

Լիբանանեան Կարմիր խաչին հաղորդած լուրերուն համաձայն, Ուատի Խալետի ճամբով Լիբանան հասած սուրիացի վիրաւորներուն ու զոհերուն թիւը անցած է հարիւրը, եւ անոնք փոխադրուած են Աքքարի հիւանդանոցները:

Սուրիական կողմին ռմբակոծումներուն դէմ իբրեւ բողոք շրջանին բնակիչները իրենց զայրոյթը արտայայտեցին` փակելով Աքքար-Թրիփոլի մայրուղին, մինչ Թրիփոլիի մէջ լսուեցան կրակոցներ, եւ ոմանք ստիպեցին Թրիփոլիի շուկային մէջ գտնուող վաճառատուներուն փակելու իրենց դռները:

Երեկոյեան նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովութիւն չկայ` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի միակ ճառը դէպի պետութիւն վերադարձն է:

Նշենք, որ ուշ երեկոյեան Արաբական Ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի նախագահ Ապտել Լաթիֆ Սալեհ յայտնեց, որ կուսակցութիւնը Ժապալ Մըհսենի բնակիչներէն պահանջած է ինքնազսպումի ենթարկուիլ եւ Թրիփոլիի հարցին լուծումը բանակին վստահիլ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES