Նախագահ Սլէյման Կը Գնահատէ Խորհրդարանի Քննարկումները

1979508_10152320277004314_1085895390_nՀանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ գնահատեց խորհրդարանին մէջ ընթացող քննարկումները` կառավարութեան շնորհուելիք վստահութեան քուէին շրջագիծին մէջ:

Ան մաղթեց, որ կառավարութիւնը արդիւնաւէտ աշխատանք ունենայ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հեռաձայնային շարք մը հաղորդակցութիւններ ունեցաւ պատասխանատուներուն հետ եւ անոնցմէ իմացաւ հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մօտակայքը գտնուող գիւղաքաղաքներուն ռմբակոծումին մանրամասնութիւններուն մասին:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ խիստ մերժելի է, որ լիբանանցիները թիրախ դառնան Սուրիոյ տագնապին պատճառով կատարուող ռմբակոծումներուն. ան ընդգծեց, որ պէտք է վերջ տրուի լիբանանեան հողերը ռմբակոծումի ենթարկելու արարքներուն, որովհետեւ Լիբանան չի կրնար շարունակաբար մնալ այս նոյն կացութեան մէջ:

Նախագահ Սլէյման բանակէն պահանջեց զսպել երկրին սահմանները, ինչպէս նաեւ սուրիական կողմէն պահանջեց յարգել երկրին գերիշխանութիւնն ու միջազգային համաձայնագիրները:

Նշենք նաեւ, որ նախագահ Սլէյման հանդիպումներ ունեցաւ նախկին նախարարներ Ժոզեֆ Հաշեմի եւ Ուատիհ Խազենի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES