Կառավարութիւնը Ստացաւ Խորհրդարանի Վստահութեան Քուէն
Կառավարութեան վստահութեան քուէի շնորհումի խորհրդարանի նիստերը երէկ հասան իրենց աւարտին` վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութեան շնորհելով 96 թեր քուէներ:
Խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին ներկայ 101 երեսփոխաններէն 96-ը իրենց վստահութեան քուէն շնորհեցին կառավարութեան, 4-ը` երեսփոխաններ Էլի Քէյրուզ, Շանթ Չինչինեան, Թոնի Ապու Խաթեր եւ Նիքոլա Ֆաթթուշ մերժեցին իրենց քուէն շնորհել կառավարութեան, իսկ Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ ձեռնպահ մնաց:
Սակայն յստակ էր, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխաններուն մեծ մասը դժկամութեամբ իրենց վստահութեան քուէն շնորհեցին կառավարութեան, պարզապէս ընդառաջելու համար նախագահական ընտրութեան սեմին կառավարութեան աշխատանքը դիւրացնելու կոչերուն:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի երկրորդ օրուան երեկոյեան, այլ խօսքով` չորրորդ նիստին ընթացքին նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իրենք, այլ խօսքով` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը բացայայտ կերպով կը մերժեն Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը եւ չեն ընդունիր այդ միջամտութիւնը արդարացնող որեւէ պատրուակ:
Սուրիոյ մէջ հաւատադրժողականներուն դէմ կռուելու եւ սուրիական վարչակարգին օժանդակելու ճամբուն վրայ լիբանանցի երիտասարդներուն զոհողութիւնը մերժելի է:
«Կոչ կ՛ուղղեմ Հըզպալլային վերադառնալու Լիբանան», յորդորեց Սինիորա:
Լիագումար նիստին շրջագիծին մէջ վերջին խօսքը արտասանեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ, որ յայտնեց, թէ այնքան ատեն որ իսրայէլեան բռնագրաւում կայ Լիբանանի մէջ, ապա Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը:
Ռաատ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ իրենք սուրիացի քաղաքացիներուն դէմ չեն պայքարիր, այլ Սուրիոյ բնակչութիւնը առեւանգող ու Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական եւ հաւատադրժողական իր օրինակը պարտադրող ահաբեկիչներուն դէմ, որոնք կուրծքեր կը պատռեն, սիրտեր կը ճաշակեն եւ կը յոխորտան ըսելով, թէ իրենք կը ներկայացնեն Սուրիոյ իշխելու լաւագոյն վարչակարգին տարբերակը:
«Մենք մեր պարտականութիւնը կատարեցինք եւ եթէ օրին, երբ Իսրայէլ Լիբանան ներխուժեց, չպայքարէինք անոր դէմ, ապա Լիբանան կրնար ներկայիս վերածուած ըլլալ իսրայէլեան բնակեցման վայրի մը», շեշտեց Ռաատ:
Ապա վարչապետ Սալամ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանին` անոր շնորհած վստահութեան քուէին համար:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ կառավարութեան պարտականութիւնը նախագահական մակարդակի վրայ ստեղծուելիք անիշխանութեան փոխարինումը պիտի չըլլայ` աւելցնելով, որ անիշխանութիւնը վատագոյն բանն է, որ կրնայ երկրին հարուածել:
Ան նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը ազգային շահերու կազմ մըն է, որ կը բովանդակէ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժեր եւ լիբանանցիներուն չէ խոստացած այն, ինչ որ չի կրնար կատարել:
Նշենք, որ խորհրդարանը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, գումարեց իր երրորդ նիստը, որ բաւական փոթորկոտ բնոյթ ստացաւ:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր իր խօսքին մէջ յարձակում մը գործեց լիբանանեան բանակին վրայ` զայն նկատելով զօրակից` սուրիական իշխանութիւններուն օժանդակողներուն:
Տահերի այս յայտարարութեան դէմ արտայայտուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան եւ Նեպիլ Նիքոլա:
Խորհրդարանի նախագահը իր կարգին միջամտեց` ըսելով հետեւեալը. «Երկրին բանակը իրաւունք ունի, նոյնիսկ երբ ան անիրաւ է»:
Իր կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ, որ նոյնպէս քննադատեց բոլորը, Տահերի նման կառավարութեան շնորհեց իր վստահութեան քուէն:
Ֆաթֆաթ քննադատեց լիբանանեան բանակը, անոր հրամանատարը, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահի անձը:
Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի տուաւ պատասխան մը, որուն մէջ ան նշեց, որ իրենք բաւական երկար լուռ մնացած են` կառավարութեան օգտին համար:
Իր կարգին, Միքաթի պատասխանեց Ֆաթֆաթին` մէջբերելով Մոհամետ մարգարէի մէկ խօսքը. «Եթէ նոյնիսկ սխալիք, ապա ծածկեցէք այդ սխալը»:
Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ բանակին վրայ գործուած յարձակումին ու ցեխարձակումին պատասխանեց վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ յայտնեց, թէ բոլորը հաշուետուութեան ենթակայ են, նոյնիսկ ապահովական կառոյցները պէտք է հաշուետուութեան կանչուին, երբ անոնք սխալ ընթացքի մէջ ըլլան:
Ապա խորհրդարանի ամպիոնը ուղղուեցաւ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն բանին, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին կողմէ երաշխիքներ ստացած է:
Ժեմայէլ ընդգծեց հանրապետութեան նախագահին հեղինակութեան եւ երկրին սահմանադրութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան մերժեց կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհել` մերժելով Հըզպալլայի զէնքին օգտագործումը, իբրեւ լիբանանեան քաղաքական միջոց:
Իր կարգին, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յստակացուց, որ Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ կը պայքարի զինեալ այն խմբաւորումներուն դէմ, որոնք Սէուտական Արաբիոյ կողմէ որակուած են իբրեւ հաւատադրժողական եւ ահաբեկչական խմբաւորումներ:
«Եթէ Լիբանան Հըզպալլայի նման Դիմադրութիւն չունենար, ապա մենք կ՛ունենայինք տարբեր խորհրդարան մը, որ հաւանաբար քննարկէր կառավարութեան այնպիսի աշխատանքային ծրագիր մը, որ գրուած է 17 մայիսի համաձայնագիրին ոճով` Լիբանանը եւ լիբանանցիները իսրայէլեան կամքին եւ բռնագրաւումին ենթակայ դարձնելով, սակայն այդ համաձայնագիրը խզուեցաւ Դիմադրութեան կամքին շնորհիւ: Եթէ այսօր Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւն չըլլայ, պետութիւն կ՛ըլլա՞յ», հարց տուաւ Ֆատլալլա` աւելցնելով, որ հաւանաբար նաեւ Պաապտայի մէջ Շարոնին յուշարձանը կ՛ըլլար:
Իբրեւ առաջին հակազդեցութիւն վարչապետ Սալամի կառավարութեան շնորհուած վստահութեան քուէին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս ողջունեց խորհրդարանին որոշումը եւ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու:
Պէտք է աւելցնել, որ կառավարութիւնը իր նիստը պիտի գումարէ նախքան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Սալամի Քուէյթ մեկնումը` Արաբական լիկայի նիստին մասնակցելու նպատակով:
Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ 25 մարտէն սկսեալ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ պիտի ունենայ երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն հետ եւ զանոնք պիտի հրաւիրէ նախագահական ընտրութեան յատուկ խորհրդարանական նիստի:

