«Հակառուսական Պայքարին Մէջ Թուրքիոյ Դերը Պիտի Բարձրանայ» Կ՛ըսէ Հայկազ Ալվրցեան

Հայկազ Ալվրցեան

Հայկազ Ալվրցեան

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ բոլոր այն հարցերը, որոնք կան ասպարէզին մէջ, սերտօրէն առնչուած են Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին հետ:

«Իսկ մենք ասպարէզին մէջ ունինք հայ-թրքական արձանագրութիւններ, որոնց վերաբերեալ միայն Հայաստանի մէջ երկու կարծիքներ կան` դրական եւ բացասական: Յատկանշական է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի նախաշէմին այդ չարաբաստիկ արձանագրութիւնները պիտի օգտագործուին Հայաստանի դէմ: Թուրքիա պիտի յայտարարէ, որ Հայաստան ստորագրած է փաստաթուղթ մը, որ կասկածի տակ կը դնէ Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը: Այդ է պատճառը, որ պէտք է պահանջենք իշխանութիւններէն` յետս կոչել այդ փաստաթուղթերը, իշխանութիւններէն, որոնք բազմիցս համոզուած ըլլալով, որ այդ արձանագրութիւնները սպառած են իրենք զիրենք, միեւնոյնն է` յետս չեն կոչեր զանոնք», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ յառաջիկային կայանալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն` Հայկազուն Ալվրցեան նշեց, որ ցուցակներուն մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու ներառումով այդ երկիրը ցոյց կու տայ աշխարհին, որ հանդուրժողաբար տրամադրուած է անոնց նկատմամբ: «Յատկանշականը այն է, որ առաջադրուած հայ թեկնածուներու շարքին երկուքը նշանաւոր են իրենց թուրք-ազգայնական հայեացքներով», ըսաւ Հայկազուն Ալվրցեան:

Անդրադառնալով Արեւմուտք-Ռուսիա առճակատումին` Ալվրցեան ընդգծեց, որ հակառուսական պայքարին  մէջ  Թուրքիոյ դերը պիտի բարձրանայ, սակայն ակնյայտ է, որ շրջանին  մէջ կը բարձրանայ նաեւ Հայաստանի դերը:

 

Share this Article
CATEGORIES