ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամները Հանդիպում Ունեցան Հատրութի Բնակիչներուն Հետ
18 մարտին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հատրութ քաղաքին մէջ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները հանդիպում մը ունեցան Հատրութ քաղաքի բնակիչներուն հետ:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հատրութի վարչակազմի շէնքի դահլիճին մէջ:
Ներկայ էին Հատրութի վարչակազմի ղեկավարը, վարչակազմի աշխատողները եւ քաղաքացիներ: Հանդիպման նպատակն էր քաղաքացիները յուզող հարցերուն շուրջ քննարկում կատարել:
Ելոյթներով հանդէս եկան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Լեւոն Հայրեան, Արթուր Աղաբեկեան եւ Վահրամ Բալայեան:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան ներկայացուց Դաշնակցութեան գործունէութիւնը` ընդգծելով, որ անկախ կուսակցական պատկանելիութենէն, բոլորը պէտք է ձեռք ձեռքի տան եւ լուծեն երկրին առջեւ դրուած կարեւորագոյն խնդիրները:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լեւոն Հայրեան կարեւոր նկատեց այս հանդիպումը, որովհետեւ, ըստ անոր, կուսակցութիւն-ժողովուրդ շփումը պէտք չէ դադրի, այլապէս անիմաստ կը դառնայ կուսակցութիւններու գործունէութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արթուր Աղաբեկեան յորդորեց հատրութցիներուն` ոչ թէ ծրագրել իրենց կեանքը մօտակայ 1 տարուան, այլեւ 100 տարուան կտրուածքով, այլապէս վտանգուած կը դառնայ այն ամէնը, ինչ որ հիմա ունինք:
Ելոյթներէն ետք քաղաքացիները զիրենք յուզող հարցերը ուղղեցին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն:

