Թիակնիպոք Կոչ Կ՛ուղղէ Ուքրանիոյ Դեսպանը Հայաստանէն Տուն Կանչելու

Օլեկ Թիակնիպոք
Ուքրանական «ՌԲԿ-Ուքրայինա» թերթը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ազգայնական «Սվոպոտա» կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Օլեկ Թիակնիպոք Ուքրանիոյ խորհրդարանի 20 մարտի նիստին ընթացքին կոչ ուղղած է Ուքրանիոյ դեսպանները տուն կանչելու Հայաստանէն եւ Ղազախստանէն, որովհետեւ այդ երկիրները աջակցած են Խրիմի կարգավիճակին հարցով կայացած հանրաքուէի արդիւնքին:
«Այսօր մենք կը տեսնենք, որ ինչպէս որոշ երկիրներ սկսած են ճանչնալ Խրիմի բռնակցումը: Ասիկա անթոյլատրելի է: Մենք կը պահանջենք անյապաղ տուն կանչել մեր դեսպանները Ղազախստանէն եւ Հայաստանէն», նշած է ան:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 19 մարտին իր նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: «Զրուցակիցները անդրադարձած են Խրիմի մէջ հանրաքուէի կայացումէն ետք ստեղծուած իրավիճակին եւ արձանագրած, որ ատիկա կը հանդիսանայ ազատ կամքի արտայայտման միջոցով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման հերթական օրինակը: Միաժամանակ ընդգծուած է միջազգային իրաւունքի արժէչափերուն ու սկզբունքներուն, նախ եւ առաջ` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նուիրուածութեան կարեւորութիւնը», նշուած է Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
20 մարտին լրագրողներու հետ հանդիպում ունեցած էր Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Իվան Քութա եւ անդրադառնալով հայկական կողմի դիրքորոշման նշած էր, որ տեղեակ է ե՛ւ նախագահ Սարգսեանի ու նախագահ Փութինի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութենէն, ե՛ւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան դիրքորոշումէն` աւելցնելով, որ «իւրաքանչիւր պետութիւն իրաւունք ունի յայտնելու իր դիրքորոշումը»:
Նշենք, որ Խրիմի հանրաքուէն ճանչցած են շարք մը երկիրներ, որոնց շարքին են Արժանթինը, Ղազախստանը, Սուրիան եւ Աբխազիան:

